Բնիկ Լիբանանահայ Գրիգոր Արիս Պոտրումեան օրերս վիրաբուժական բաւական բարդ գործողութեան մը ենթարկուած է։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։
Կը նշուի, որ Գրիգոր կը տառապէր ծունկի ծանր ցաւերէ եւ բարդութիւններէ, որուն համար ալ ան ենթարկուած է ծունկերու ոսկրային ամբողջութեան վերափոխման բարդ գործողութեան, որ պսակուած է բացառիկ յաջողութեամբ։
Գրիգորի առողջական վիճակը բժիշկներու կողմէ գնահատուած է բաւարար եւ ան յառաջիկայ փուլին պիտի բոլորէ ապաքինման (նաեւ մարզանքներով ոսկրային նոր համակարգին եւ մարմնին միջեւ ամբողջական «զոդում»ը դարձնելով հնարաւոր ու կարելի)։
Ամբողջական ապաքինում կը մաղթենք մեր հայրենակիցին, որ միեւնոյն ժամանակ «Արեւելք»ի «Եկէք անկեղծ խօսինք» հաղորդման ազնիւ հետեւորդներէն է։
Նշենք, որ ինքնաշխատութեամբ իր ճանապարհը հարթած Գրիգոր կը սերի Պէյրութի Սիս հայկական թաղամասի պարզ խաւերէն եւ ան շնորհիւ իր կամքին եւ աշխատասիրութեան կարողացած է շրջանցնել բոլոր դժուարութիւնները եւ հասնիլ Միացեալ Նահանգներ, ուր կը շարունակէ ապրիլ ու աշխատիլ յանուն իր եւ իր ընտանիքի բարօրութեան։
Պէյրութի մէջ ազգային գործերու մէջ իր ճիգը ներդրած Գրիգոր, ցաւօք նոյն կենսաոճը չունի ԱՄՆ-ի պարագային, որովհետեւ իր բնակած շրջանը բաւական հեռու է հայութեան կեդրոն մը ըլլալու հանգամանքէն։