Իշխանուհի Նաժլա Պինթ Աասէմ, ներկայացնելով Իշխանուհի Սանա Աասէմը, հովանաւորեց 2025 թուականի 18-րդ Միջազգային Քաղաքային Փառատօնի բացման արարողութիւնը, Զահա Մշակութային Կեդրոնի կազմակերպութեամբ եւ արաբական ու օտարերկրեայ քանի մը դեսպանութիւններու եւ մշակութային կեդրոններու մասնակցութեամբ։
Բարձրապատիւ Իշխանուհին շրջեցաւ կեդրոնի գործադիր տնօրէն Ռանիա Սպէհին հետ, մօտենալով մասնակիցներուն, ուր իւրաքանչիւր երկիր իրեն յատկացուած անկիւնին մէջ ցուցադրած էր իր մշակոյթը, ինչպէս նաեւ ճաշատեսակները։
ԱՄՄ-ի Ատենապետ՝ Մարալ Ներսէսեանը, յուշեց Բարձրապատիւ Իշխանուհիին, Հայկական անկիւնին մօտենալու ընթացքին, Երեւանի եւ Ամմանի միջեւ ստորագրուած քոյր քաղաքներու համաձայնագրի մասին, որու նպատակներուն մէջ կ՚ընդգրկուի՝ ամրապնդել եւ զարգացնել բարեկամական եւ գործընկերային յարաբերութիւնները երկու քաղաքներու միջեւ, ինչպէս նաեւ՝ Յորդանանի եւ Հայաստանի միջեւ կնքուած մշակութային փոխանակման համաձայնութիւնը։
Սոյն փառատօնը, որ Զահա Մշակութային Կեդրոնը ամէն տարի կը կազմակերպէ, կը կարեւորուի ազգային ինքնութիւնը զօրացնելու եւ ժողովուրդներու միջեւ մշակութային փոխանակումը խթանելու համար, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ տեղական հասարակութեան ծանօթանալու ներկայացուած երկիրներու մշակոյթին ու ժառանգութեան՝ ժողովրդական ճաշատեսակներու եւ ձեռային աշխատանքներուն։
Ազգային Մարզական Միութիւնը (ԱՄՄ-ը), որ կը կարեւորէ Հայ Համայնքի ներկայութիւնը եւ անոր գործունեայ դերը Յորդանանի մշակոյթներու կտաւի ներկայացման մէջ, մասնակցեցաւ փառատօնի մշակութային բաժնին՝ սնունդի անկիւնով եւ հայկական պարի ներկայացումներով։
Հանդիսութեան բաժնին մէջ, որ տեղի ունեցաւ Զահա Կեդրոնի ներքին բեմահարթակին վրայ, ներկայացուած են աւանդական ելոյթներ տարբեր դեսպանութիւններու եւ փառատօնին մասնակցող միութիւններու կողմէ, որոնց շարքին էին նաեւ Ազգային Մարզական Միութեան Հայկական պարախումբը, Չեչենական Մշակութային Միութեան խումբը, Չինական Մշակութային Կեդրոնը, Մալէյզիոյ դեսպանութեան ուսանողական խումբը, ինչպէս նաեւ Զահա Մշակութային Կեդրոնի «Ծաղիկներ» մասնաճիւղի տապքէյի պարախումբը։
Արարողութեան աւարտին փառատօնի հովանաւոր Բարձրապատիւ Իշխանուհի Նաժլա Պինթ Աասէմը պարգեւատրուեցաւ Կեդրոնի գործադիր տնօրէն Ռանիա Սպէհիի կողմէ, ինչպէս նաեւ պարգեւատրուեցան փառատօնին մասնակցած դեսպանութիւններն ու կազմակերպութիւնները։
Փառատօնը կը նպաստէ ամրապնդելու մասնակից քաղաքներու կապերը, մօտեցնելու ժողովուրդները իրար եւ իւրաքանչիւր ժողովուրդ ծանօթացնելու միւսին մշակոյթին։