image

Հրայր Սողոմոնեանի վաղահաս մահը. Հանգուցեալը բնիկ Դամասկոսէն էր

 Հրայր Սողոմոնեանի վաղահաս մահը. Հանգուցեալը բնիկ Դամասկոսէն էր

Օրերս Աւստրալիոյ մէջ  տխուր աւարտով մը իր մահկանացուն կնքած է երիտասարդ հայորդի՝ Հրայր Սողոմոնեան։

Հրայր բնիկ Դամասկոսէն էր, եւ կեանքի պայմաններու բերումով հաստատուած էր Աւստրալիա։

Հրայրի անժամանակ մահուան մասին գրառում մը կատարած էր Դամասկոսի ՀՄՄ-ի մարմինը։

«Արեւելք» ստորեւ կը ներկայացնէ այդ հակիրճ մահագրականը։

Սրտի խոր կսկիծով համացանցի էջերէն իմացանք Աւստրալիոյ մէջ ընկ. Հրայր Սողոմոնեանի վաղամեռիկ մահը։ Ան եղած էր Դամասկոսի Հ.Մ.Մ.-ի անդամ եւ ֆանֆարի փողերախումբի լաւագոյն նուագողներէն։ 

Դամասկոսի Հ.Մ.Մ.-ի վարչութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ իր տիկնոջ եւ համայն Սողոմոնեան ընտանիքին, ի մասնաւորի իր եղբօր Դամասկոսի Հ.Մ.Մ.-ի վարչութեան նախկին անդամ ընկ. Սիմոն Սողոմոնեանին։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։