«Արեւելք»ի կամաւոր սկզբունքով աշխատակիցներէն՝ Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան օրերս անհանգստանալով ենթարկուած է վիրաբուժական միջամտութեան։
Գործողութիւնը տեղի ունեցած է ԱՄՆ-ի մէջ, ուր ներկայիս կը բնակի Տիկին Սիլվան։
Շուտափոյթ ապաքինում եւ լիարժէք առողջութիւն կը մաղթենք ազնիւ հայուհիին, յուսալով, որ ան շուտով կը վերադառնայ բնականոն հունի։
Մեր ընթերցող հասարակութեան յիշեցնենք, որ Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեանի անունը հանրայայտ դարձաւ յատկապէս անոր կատարած դիմատետրեան գրառումներէն ասդին ու ան կամաւոր մասնակցութեան կանոնով իր մասնակցութիւնը կը բերէ ու այդպիսով ալ կը զարդարէ սփիւռքով մէջ տարածուած հայկական մամուլի էջերը։
Ան այրին է Լիբանանի մէջ մեծ յարգանք վայելած եւ շրջապատին մէջ սիրուած բժիշկ՝ տօքթ. Կարօ Մահրէճեանին, որուն մասին ալ «Արեւելք» գրած է տարբեր առիթներով։