image

Բարի ապաքինման մաղթանք՝ Վարդան Նազիրեանին

Բարի ապաքինման մաղթանք՝ Վարդան Նազիրեանին

ՌԱԿ-եան նուիրեալ անդամներէն ՝ Տիար Վարդան Նազիրեան վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուէլէ ետք ներկայիս կը բոլորէ ապաքինման փուլ մը։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ԱՄՆ-ի իր աղբիւրներէն։

Մեր ունեցած տուեալներով՝ գործողութիւնը եղած է բաւական աչալուրջ ուշադրութեան արժանի վիրաբուժութիւն մը,որն անշուշտ պսակուած է լիակատար յաջողութեամբ։

Ամբողջական ապաքինում կը մաղթենք Տիար Նազիրեանին, վստահ ըլլալով, որ ան շուտով պիտի վերադառնայ  իր կենցաղի եւ համայնքային կենսական բնականոն հունին։

Մեր ընթերցողաց յիշեցնենք, որ Տիար Վարդան Նազիրեան ներկայիս կը վարէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի  Թեմական Խորհուրդի Ատենապետութեան կարեւոր պաշտօնը եւ անշուշտ կը համարուի Թեմի կարող եւ նուիրեալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի հիմնական գործակիցներէն։