image

«Կոչ հանդարտութեան». Գրառում՝ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեանէն

«Կոչ հանդարտութեան». Գրառում՝ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեանէն

Միւս կողմէ, համաձայն եկեղեցական կանոններուն, ան որ եկեղեցական իշխանութեանց համար որեւէ ամբաստանութիւն ունի ներկայացնելիք, թող ներկայանայ Ս. Էջմիածին, ու հիմնաւորէ. եթէ ոչ, մեր Եկեղեցին ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ թող չնուաստացնէ:

 Կիպրահայ համայնքի աշխոյժ եւ նուիրեալ անդամներէն  Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեան կը գրէ՝

Պարանը երկուստեք քաշուած է մինչեւ ծայր, եւ դժբախտաբար երկու կողմերն ալ ծայրահեղութեան դիմած են: Թէ´ վարչապետի գրառումները մէկ կողմէն, եւ թէ ալ Բագրատ-Միքայէլ սրբազաններուն ու անոնց հոգեւորական եւ աշխարհական համակիրներուն կողմէ արձակուող հրապարակային յայտարարութիւնները եւ պորոտախօսութիւնները միւս կողմէն, պատճառ հանդիսացան որ իշխանութիւնները (դատապարտելիօրէն) թիրախաւորեն Ամենայն Հայոց Հայրապետն ու Ս. Էջմիածինը: Երկու կողմերէն ալ պահանջուածը այս հանգրուանին, ՀԱՆԴԱՐՏԻԼն է:

Համաձայն պետական օրէնսդրութեան, յառաջիկայ տարի ընտրութիւններ պիտի կայանան ու Հայաստանի քաղաքացիները ժողովրդավար կերպով պիտի ընտրեն վարչապետ` ա´յս, կամ ա´յլ վարչապետ մը - ընտրանքը ժողովուրդինն է եւ ատիկա քուէատուփին միջոցաւ պիտի յաջողցուի, ո´չ թէ բռնի ուժով: