image

Հօրս յուշերը (շար. 4). Քեսապի ամառները

Հօրս յուշերը (շար. 4). Քեսապի ամառները

Ամրան արձակուրդին սովորաբար Պէյրութէն հեռանալով Քեսապ կ՚երթայինք եւ մեր արձակուրդը կ՚անցնէինք՝ Քեսապի անտառներուն զով ու մաքուր օդը շնչելով: 

Քեռիներս պարտէզներ ունէին Գարատուրանի մէջ եւ մենք ամբողջ ամրան ընթացքին ժամանակնիս հոն կ՚անցնէինք: Գեղեցիկ բնութիւնը, գրկախառնուած  լեռն ու ցորը եւ գիւղին վերջակէտ համարուող ծովը վայելելով՝ կը լողայինք, որսորդութիւն, ձկնորսութիւն կ՚ընէինք եւ անդադար կը վազվզէինք:

Քեռիիս տղան՝ Վահանը, հովանի ծածակք կը պատրաստէր ծառին վրայ, որ բոլորս տղոցմով մէջը քնանայինք եւ ամբողջ ամառը այդ խուցը կ՚ըլլար մեր ապահով տունը... որքան ուրախ եւ անկախ կ՚ապրէինք:

Ամէն թաղ Քեսապի մէջ ունէր իր համայնական թոնիրը, որուն մէջ թխուած բիկիէղի, ճֆթով հացի եւ թոնիրի հացի բոյրը անդիմադրելի էր: Տարբեր համ ունէին նաեւ ճաշերը, մանաւանդ ցորենով պատրաստուած թրխանան, գուրթանան եւ քիշքէկը: Քեսապէն ճաշ կը ղրկէին մեզի թէեւ, բայց յաճախ մենք կ՚եփէինք այն, ինչ այդ օրը որսացած էինք:

Իսկ գիշերը կ՚ըլլար արկածախնդրական պատմութիւններով լեցուն: Իւրաքանչիւրս իր երեւակայութեան զարկ տալով կը հերոսանար եւ խուցին մէջ երկնցած, աստղերը դիտելով, կը նկարագրէր տեսարաններ, որոնք գոյութիւն իսկ չէին ունեցած, այլ առասպելներ կրնային ըլլալ միայն: 

Գիշեր մըն ալ մեր պատմութեան հերոսներու երազներով երբ քնացած էինք, յանկարծ Անդօն ցատկեց տեղէն, բոլորիս արթնցուց եւ ըսաւ թիպիկ է (բորենի), զիս կը հոտոտար եւ պիտի ուտէր:

Այսպէս տղայական արկածախնդրութիւններով անհոգ եւ անկախ կ՚ապրէինք մինչեւ ամրան աւարտը:

Երկու առիթներ կը դիմաւորէինք մեր Քեսապ կեցութեան ընթացքին, առաջինը՝ Աստուածածնայ ուխտի տօնն էր, ուր մեծերը կ՚երթային ներկայ գտնուելու հոգեւոր արարողութեան եւ ուխտագնացութեան վայրը, որ Կասիոս լերան լանջին՝ Պարլումն էր: Իսկ երկրորդը Փրփորի պատրաստութեան  եւ անոր հետ առնչուած աւանդութիւններն էին, որ աշնան, Քեսապի ամենայատկանշական եւ ամենաշատ սպասուած արարողութեան իրագործումն էր՝ Մասարան, որուն ընթացքին կը պատրաստուէր խաղողի րուպը եւ քեսապցիք զայն խնճոյքի կը վերածէին իրենց յոգնութիւնը ուրախութեամբ աւարտելով՝ պարելով, երգելով, խորոված պատրաստելով եւ թոնիրին մէջ պատրաստուած քեսնըք հացը եփելով: Բայց մենք այդ օրը քիչ մը տխուր, կը հաշուէինք թէ քանի օր մնաց մեզի վերադառնալու Պէյրութ եւ կը զգայինք թէ որքան շուտ անցան Քեսապի արձակուրդի մեր ուրախ, հաճելի ու անհոգ օրերը: 

Կը վերադառնայինք Պէյրութ մեր ձմրան պահեստը ապահոված՝ լոլիկի ջուր, անուշներ, չոր միրգեր, պաստեղ,  ցաւար եւ տակաւին շատ աւելին: 

Նոր տարին կը սպասէինք անհամբեր, քեռիս ճիւղեր կը բերէր ու որպէս ծառ կը յարդարէր, եւ կարծես ամանորի շունչը կը սրսկուէր տօնածառին վրայ, երբ զարդարէր զայն նարինջով ու մանտարինով, բայց ամանորը չեկած զարդարանքը արդէն կը վերջանար, որովհետեւ արդէն կերած կ՚ըլլայինք բոլորը: 

Յաճախ այդ շրջանին սովորութիւն ըրած էի գանգատիլ փորիս ցաւէն, որպէսզի հօրաքոյրս ծիրանի պաստեղ փաթթէր փորիս վրայ որ ցաւը անցնէր, բայց դարձեալ մինչեւ առտու պաստեղը փորիս վրայ չէր մնար այլ արդէն կերած ու մարսած կ՚ըլլայի զայն:

 

Նաթալի Քէնտիրճեան
(շար. 4)