image

Անգարա. Թուրքիոյ խորհրդարանը իր արձանագրութիւններէն հեռացուց ասորի պատգամաւորի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պնդումները

Անգարա. Թուրքիոյ խորհրդարանը իր արձանագրութիւններէն հեռացուց ասորի պատգամաւորի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պնդումները

«Հայոց ցեղասպանութեան» մասին դիտողութինները հանուած են Թուրքիոյ խորհրդարանի արձանագրութիւններէն։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։

Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը՝

Քրտամէտ «ՏԷՄ» կուսակցութեան երեսփոխան, ծագումով ասորի Ճորճ Ասլան 18 Յունիսին Խորհրդարանի մէջ ունեցած էր աղմկայարոյց ելոյթ մը, արձագանգելով Անգարայի քաղաքապետ Մանսուր Եաւաշի որոշման։ Նախ յիշենք թէ ի՞նչ էր այդ որոշումը։ Եաւաշի որոշումով մայրաքաղաքի Ալթընտաղ շրջանի մէջ պիտի բացուի Թալաթ փաշայի յուշարձանը, իսկ ո՞վ է Թալաթ փաշան. ան 1915ի ողբերգական իրադարձութիւններու պարագլուխներէն մէկն է։ 

Ահաւասիկ Ճորճ Ասլան, իր բողոքը արտայայտելով Մանսուր Եաւաշի ծրագրի դէմ, Խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարեց որ «ո՛չ թէ Թալաթ փաշայի, այլ 1915ին սպաննուած, տեղահանուած, գողցուած տասնեակ հազարաւոր հայերու յուշարձանը պէտք է կանգնեցնել»։ Մեզի համար անընդունելի է այդ յուշարձանը, որովհետեւ Թալաթ փաշան մահուան հրաման արձակած է հազարաւոր հայերու համար։ 

Ասլանի ելոյթի պահուն իսկ «Իյի» կուսակցութեան երեսփոխանները փորձեցին ընդհատել անոր խօսքը եւ բանավէճի դուռ բացին դահլիճին մէջ։

Երէկ, 16 Յուլիսին, «Իյի»ի երեսփոխան Պուղրա Քաւունճու «աւետիս» մը տալով, ընկերային ցանցերու իր էջերուն վրայ գրեց որ իր կուսակցութեան խնդրանքով՝ Ճորճ Ասլանի ելոյթը հեռացուած է Ազգային մեծ Ժողովի արձանագրութիւններէն։ Քաւունճու հրապարակեց նաեւ Խորհրդարանի Նախագահութեան ուղղեալ գրաւոր յայտարարութիւնը, որուն մէջ կ'ըսուի. «Մենք մեր միջնորդութիւնը ներկայացուցինք բոլոր կուսակցութիւններուն եւ Ազգային մեծ Ժողովի նախագահին, քանի որ ՏԷՄի անդամ երեսփոխանը դահլիճին մէջ մատ թափ կուտար թուրք ազգի վրայ եւ կը զրպարտէր մեր պատմութիւնը։ Թէեւ այդ անձը չէ պատժուած իր յայտարութիւններու համար, բայց ելոյթի պատճէնը հեռացուած է արձանագրութիւններէն։ Տարօրինակ է որ պատիժ չկայ։ Մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ թուրք ազգի պատիւի համար»։