image

Պէյրութ.Փոքրիկն Անի Վարդանեանի անունը դարձեալ կը փայլի

Պէյրութ.Փոքրիկն Անի Վարդանեանի անունը դարձեալ կը փայլի

Մարտարուեստի ոլորտին մէջ հաստատ քայլերով ընթացող  եւ Մեսրոպեան Վարժարանի  աշակերտուհի՝ Անի Վարդանեանի անունը դարձեալ կը փայլին։

Անիին մասին «Արեւելք» իմացաւ վարժարանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝

Անի Վարդանեան դարձեալ փայլեցաւ գերազանցօրէ։

Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտուհի Անի Վարդանեան նշեց իր հերթական փայլուն նուաճումը մարտարուեստի մէջ, երբ 4 ոսկի մետալներ շահեցաւ Լիբանանի Քոնկ Ֆու - Ուու Շու ֆետերասիոնի կազմակերպած մրցաշարքին (22 Յունիս 2025), որ նուիրուած էր հանգուցեալ Մեծ վարպետ Կարօ Քէպապճեանի յիշատակին։

Անի մրցաշարքին կը ներկայացներ Այնճարի Սեւ Գօտիներ Միութիւնը։

Ընթացիկ տարուան ընթացքին, Անի արդէն իսկ վաստակած է 12 մետալներ՝ 10 ոսկի եւ 2 արծաթ։

Պրաւօ Անի, Մեսրոպեանը հպարտ է քեզմով։ Շարունակէ փայլիլ եւ ոգեւորել բոլորը նոր յաղթանակներով։