Օրերս Պելճիքայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է, բնիկ հալէպցի, երկար տարիներով որպէս կրթական մշակ գործած Գէորգ Արոյեանը։
Արոյեան եղած է Հալէպի ՀԲԸՄ-ի գլխաւոր վարժարանի նուիրեալ անձնակազմէն։
Տխրունիին մասին «Արեւելք» իմացաւ վարժարանի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ կատարուած գրառումը։
2 Յուլիս 2025-ին, Պելճիքայի մէջ իր մահկանացուն կնքեց վարժարանիս վաստակաշատ տեսուչ՝ պրն. Գէորգ Արոյեանը։
Ան 33 տարիներ շարունակ մեծ նուիրումով, անսակարկ աշխատանքով, համբերութեամբ, իր համեստ եւ հոգատար նկարագիրով ծառայեց ԼՆ-ԳԿ կեդր. վարժարանի նախակրթարանի բաժնին մէջ, որպէս տեսուչ, վայլելով բոլորին սէրն ու յարգանքը։
Այս տխուր առիթով ՀԲԸՄ-ի Կրթական Յաձնախումբն ու ԼՆ-ԳԿ Կեդր. վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի տիկնոջ, զաւակներուն եւ հարազատներուն հայցելով երկնային մխիթարութիւն։
Յարգանք իր անմար յիշատակին։