Օրերս Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Սրբզանաը ընդունելէ ետք ՀԵԸ Սկատուտական Գործադիր Մարմնի անդամները պատեհութիւնը ունեցած է օրհնելու յառաջիկայ օրերուն Արարատ Սար բարձրացող սկաուտին դրօշը։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ ատոր մասին տրուած լրատւութիւնը՝
Ուրբաթ, 18 Յուլիս 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմինին եւ տարազաւոր սկաուտներու այցելութիւնը։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, Գործադիր Մարմինի ատենապետ Արտեմ Չիրիշեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ կայանալիք սկաուտական բանակումին, որուն պիտի մասնակցին զանազան շրջաններէ Հ.Ե.Ը.-ի սկաուտներ, որոնց կարգին նաեւ Սուրիոյ շրջանի սկաուտները։
Այցելուներուն խնդրանքով, Սրբազան Հայրը յուզումնախառն զգացումով օրհնեց Հ.Ե.Ը.-ի դրօշը, որ յառաջիկայ օրերուն աւստրալիաբնակ հալէպահայ սկաուտը իր հետ պիտի բարձրացնէ հայոց ազգային խորհրդանիշը հանդիսացող Արարատ լեռ։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց միութեան անդամները, քաջալերեց զանոնք եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց սկաուտական օգտաշատ բանակումին։