image

Լիբանանի դրամատնային ճգնաժամը եւ լուծումները․ Ուսումնասիրութիւն՝ Արամ Չափարեանի կողմէ

Լիբանանի դրամատնային ճգնաժամը եւ լուծումները․ Ուսումնասիրութիւն՝ Արամ Չափարեանի կողմէ

 

Վերնոշեալ սենարիոներէն որեւէ մէկուն յաջողութեան համար հասարակաց միակ անհրաժեշտութիւնը էր եւ տակաւին է՝ դրամատնային համակարգին հանդէպ վստահութեան վերականգնումը: Առ այդ, իբրեւ մէկ մասը բարեկարգումի ծրագիրին՝ պէտք է ընդունուի օրէնք մը, որ յստակօրէն կ՚ապահովէ կառավարութեան երաշխիքը աւանդներու պահպանման վերաբերեալ: Յօդուածը պէտք է ըլլայ յստակ եւ որոշակի՝ հետեւեալ վարկածային պարունակութեամբ. «Պետութիւնը յանձն կ՚առնէ երաշխաւորել տեղական դրամատուներուն մէջ զետեղուած բոլոր աւանդները, եւ այդ երաշխիքը կը վերաբերի բոլոր տեսակի աւանդներուն՝ ըլլան անոնք խնայողութեան աւանդներ կամ ընթացիկ հաշիւներ, ինչպէս նաեւ բոլոր թղթադրամներով հաշիւներուն եւ բոլոր տեսակի աւանդատուներուն»: Ատոր պէտք է ընկերակցի 91/110 օրէնքի փոփոխութիւնը ինչպէս նաեւ շուկային մէջ դրամափոխութեան իրական արժէքը ճշդելու համակարգը՝ Կեդրոնական Դրամատան կողմէ ճշդուող պաշտօնական դրամարժէքին կողքին: Անշուշտ այդ քայլերուն պէտք է ընկերանան քաղաքական, հիմնարկային եւ տուրքային մարզերուն մէջ անհրաժեշտ բարեփոխութիւններ, ինչպէս նաեւ տեղի ունենան փոփոխութիւններ «Կանխիկ Դրամի եւ Վարկերու Օրէնք»ին մէջ:

Եզրակացնելու համար․ մի՛ վախնաք դրամատուներուն հետ գործ ունենալէ եւ արգելք մի՛ ըլլաք ատոր, քանի որ անոնք ամուր հիմը կը կազմեն որեւէ յաջող եւ բարգաւաճ տնտեսութեան:

 

 

 

 

ԱՐԱՄ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

 

Ընթերցողներուն մեծ մասը կրնայ ըլլալ, որ թերագնահատէ Լիբանանի դրամատնային ճգնաժամը՝ իր զայրոյթը հիմնականօրէն կեդրոնացնելով Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան նախկին կառավարիչին վրայ՝ անտեսելով ճգնաժամի բուն պատճառները։ Մինչդեռ հիմնական խնդիրը կը բխի երկրի դրամատնային համակարգի գործունէութեան ուղղութիւն տուող օրէնքներէն եւ երկրի սահմանադրական դրոյթներէն։

Սկսելու համար, հարցը կը կայանայ այն օրէնքներուն մէջ, որոնք կը վերաբերին Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչի նշանակման լիազօրութիւններուն եւ այդ նշանակման գործընթացին: Ապա կ՚անցնինք կանխիկ դրամի եւ վարկերու հետ կապուած գործընթացներուն (մեքանիզմներուն) եւ քաղաքականութիւններուն՝ հասնելով մինչեւ պետութեան ֆինանսական ռազմավարութեան ձեւակերպման: Այդ ռազմավարութեան ձեւակերպումը՝ ըստ երկրի Սահմանադրութեան, պարտականութիւնն է ֆինանսներու նախարարութեան եւ կառավարութեան ինչպէս նաեւ ենթակայ է օրէնսդիր իշխանութիւններու, այսինքն՝ Խորհրդարանի վերահսկողութեան, եւ ատիկա՝ հիմնուելով Սահմանադրութեան 65-րդ, 66-րդ եւ 81-էն 87-րդ յօդուածներուն վրայ:

Թափանցիկութեան սկզբունքին վրայ հիմնուելով, Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչը ամէն տարի ֆինանսներու նախարարին կը ներկայացնէ դրամատան պիւտճէն ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Դրամատան գործունէութեան վերաբերեալ հաշուետուութիւն: Այդ հաշուետուութիւնը կը հրատարակուի պաշտօնական պարբերաթերթին մէջ՝ հիմնուելով Սամանադրութեան 117-րդ յօդուածին վրայ: 

Ի՞նչ են Կեդրոնական Դրամատան ամէնէն կարեւոր կազմակերպչական օրէնքները

Կեդրոնական Դրամատունը օրինական անձ մըն է՝ հասարակական օրէնքին համաձայն, եւ կը վայելէ ֆինանսական անկախութիւն: Անիկա իր գործունէութիւնները եւ հաշիւները կը կատարէ առեւտուրի եւ դրամատուներու օրէնքներուն ինչպէս նաեւ առեւտուրի եւ դրամատնային մարզի անգիր օրէնքներուն կամ սովորոյթներուն համաձայն:

Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչը կը նշանակուի վեց տարուան համար՝ ֆինանսներու նախարարին առաջարկով կառավարութեան կողմէ հրապարակուած հրամանագիրով մը: Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչը եւ անոր տեղակալները երդում կու տան հանրապետութեան նախագահին առջեւ՝ երդուելով իրենց պարտականութիւնները կատարել հաւատարմութեամբ եւ ճշգրտութեամբ՝ յարգելով օրէնքն ու պատիւը:

Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչը կը վայելէ լայն իրաւասութիւններ՝ կարենալ կառավարելու համար Կեդրոնական Դրամատունը եւ կազմակերպելու համար անոր գործունէութիւնները: Ան յանձնարարուած է կիրարկելու Կանխիկ Դրամի եւ Վարկերու Օրէնքը, ինչպէս նաեւ գործադրելու Կեդրոնական Խորհուրդի որոշումները:

Կեդրոնական Դրամատան Կանխիկ Դրամի եւ Վարկերու օրէնքի 28-րդ յօդուածին համաձայն, Կեդրոնական Խորհուրդը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն. Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչը՝ իբրեւ նախագահ, անոր երկու տեղակալները, ֆինանսներու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնը եւ տնտեսութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնը:

Վերոնշեալ վերջին երկու անդամները՝ ֆինանսներու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնը եւ տնտեսութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնը, իրաւասութիւնը չունին խորհուրդին մէջ գործելու իբրեւ կառավարութեան ներկայացուցիչներ, այլ՝ անոնց դերը սահմանափակուած է խորհուրդին մէջ իրենց ստանձնած պարտականութիւններուն մէջ: Այդ երկու անդամները երդում կու տան Հանրապետութեան նախագահին ներկայութեան: Կեդրոնական Դրամատան Կանխիկ Դրամի եւ Վարկերու Օրէնքի 33-րդ յօդուածին համաձայն, այդ անդամները կը վայելեն լայն լիազօրութիւններ:

Ինչ կը վերաբերի Երկեակ Պատասխանատուութեան, Կեդրոնական Դրամատան Կանխիկ Դրամի եւ Վարկերու Օրէնքի 30-րդ յօդուածը կ՚ընդգծէ շատ կարեւոր կէտ մը, որն է, թէ՝ Կեդրոնական Խորհուրդը չի կրնար նիստ գումարել կառավարիչին կամ անոր մէկ փոխանորդին բացակայութեան ինչպէս նաեւ ֆինանսներու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնին կամ տնտեսութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնին բացակայութեան: Նշենք, որ խորհուրդի որոշումները կը կայացուին անդամներուն ձայներուն մեծամասնութեամբ:

Կեդրոնական Դրամատան Կանխիկ Դրամի եւ Վարկերու Օրէնքի 70 եւ 71-րդ յօդուածներուն համաձայն, Կեդրոնական Դրամատան հիմնական առաքելութիւնն է կանխիկ դրամի արժէքի պահպանումը, որ հիմն է տնտեսական եւ ընկերային շարունակական աճի: Այդ առաքելութիւնը մասնաւորաբար կը պարունակէ՝ 

• Լիբանանեան թղթադրամի արժէքի պահպանումը,

• Տնտեսական կայունութեան պահպանումը,

• Դրամատնային համակարգի կայունութեան պահպանումը

• Ինչպէս նաեւ կանխիկ դրամի շուկայի եւ ընդհանրապէս ֆինանսական մարզի զարգացումը:

 

Ասոնց կողքին, Կեդրոնական Դրամատունը կը համագործակցի կառավարութեան հետ՝ անոր տալով խորհուրդներ դրամական եւ տնտեսական քաղաքականութեան մարզերուն մէջ՝ նպատակ ունենալով լաւագոյն ներդաշնակութիւնը ստեղծել իր առաքելութեան եւ կառավարութեան նպատակներուն միջեւ։

Դրամատունը նաեւ ունի իրաւասութիւնը ի գործ դնելու այն միջոցները, զորս անհրաժեշտ կը գտնէ՝ դրամական մարզի կայունութիւնը պահպանելու համար: Այդ միջոցներէն մէկն է՝ միջամտութիւն ընել շուկային մէջ՝ ֆինանսներու նախարարին համաձայնութեամբ, ծախելով եւ գնելով օտար թղթադրամներ, եւ ատիկա Կանխիկ Դրամի եւ Վարկերու Օրէնքի 75-րդ յօդուածին համաձայն ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով 69-րդ յօդուածի պայմանները:

Նշենք, որ Կեդրոնական Դրամատան հրապարակած որոշումները կը համարուին օրէնքներ, որոնց կարելի չէ առարկել:

Հետեւաբար նկատի ունենալով, որ Կեդրոնական Դրամատան Կանխիկ Դրամի եւ Վարկերու Օրէնքը կը սահմանէ Կեդրոնական Դրամատան կազմակերպական կարգը, կառավարիչի եւ անոր փոխանորդներուն նշանակման գործընթացը, Կեդրոնական Դրամատան իրաւասութիւնները՝ իր 18-էն 34-րդ յօդուածներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Դրամատան վերահսկողութեան գործընթացը՝ իր 41-էն 46-րդ յօդուածներուն մէջ, Դրամատան ընդհանուր առաքելութիւնը՝ իր 70-էն 79-րդ յօդուածներուն եւ 174 եւ 175-րդ յօդուածներուն մէջ, արդեօ՞ք միմիայն կառավարիչը ամբաստանելը՝ պատասխանատուութիւններու այս բարդ համակարգին մէջ, ուրի՞շ պատճառներ ունի:  

Ո՞վ կը հսկէ դրամատուներուն եւ անոնց գործողութիւններուն

Կեդրոնական Դրամատան Կանխիկ Դրամի եւ Վարկերու Օրէնքին համաձայն, Կեդրոնական Դրամատունը դրամատնային մարզը կարգաւորող մարմինն է եւ իր իրաւասութիւնները կը գործադրէ ուղղակի կառավարիչին եւ Կեդրոնական Խորհուրդին միջոցաւ ինչպէս նաեւ Դրամատուներու Վերահսկիչ Յանձնախումբին եւ Դրամատնային Բարձրագոյն Մարմինին միջոցաւ: Եւ եթէ դրամական մարզի լաւ գործունէութեան համար տեղադրուած վերահսկողութեան գործընթացները (մեքանիզմները) մաս կը կազմեն առողջ կառավարման, ապա այսօր հարցականի տակ կ՚առնուի Կեդրոնական Դրամատան Կանխիկ Դրամի եւ Վարկերու Օրէնքին հիման վրայ յառաջ եկած Դրամատուներու Վերահսկիչ Յանձնախումբի բացակայութիւնը կամ գործունէութեան թերութիւնը:

Ի՞նչ լիազօրութիւններ ունի դրամատուներու վերահսկիչ յանձնախումբը

1967-ին ստեղծուեցաւ անկախ մարմին մը, որ կոչուեցաւ Դրամատուներու Վերահսկիչ Յանձնախումբ, որուն տրուեցաւ վերահսկողութեան իրաւասութիւններ՝ 28/67 օրէնքին հիման վրայ: Յանձնախումբը կը գործէ Կեդրոնական Դրամատան Կանխիկ Դրամի եւ Վարկերու Օրէնքի 149 եւ 150-րդ յօդուածներուն հիման վրայ եւ իր որոշումները կը կայացնէ անդամներու մեծամասնութեամբ: Յանձնախումբը ստեղծուեցաւ իբրեւ անկախ իշխանութիւն, եւ մինչ կարգ մը դրացի երկիրներու մէջ դրամատնային վերահսկողութիւնը կը կատարուի պարզապէս Կեդրոնական Դրամատան ծիրէն ներս գործող մարմինի մը կողմէ, կարգ մը արեւմտեան երկիրներու մէջ այդ գործը յանձն կ՚առնեն բոլորովին անկախ մարմիններ եւ իշխանութիւններ: Լիբանանի մէջ յանձնախումբը ունի իրաւասութիւնը ճշդելու դրամատուներու վերահսկողութեան մարզերը եւ միջոցները՝ առանց դրամային իշխանութիւններուն (այսինքն՝ Կեդրոնական Դրամատան) ուղղակի միջամտութեան: Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչին հետ անոր յարաբերութիւնը հիմնուած է պէտք եղած ուսումնասիրութիւնները եւ վերահսկողական տեղեկագրութիւնները անոր տրամադրելուն վրայ: Յանձնախումբին պարտականութիւնները կ՚ընդգրկեն թէ՛ գետնի վրայ եւ թէ՛ փաստաթուղթերու վերահսկողութիւն կամ քննութիւն, որուն մէջ կ՚իյնան լուծարկութեան, դրամական հեղուկութեան եւ դրամատնային շահոյթի կայունութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ վարչական առողջ կառոյցներու գոյութեան ստուգումը եւ արժեւորումը սպառնալիքներու, զորս կրնայ որեւէ մէկ դրամատուն դիմագրաւել: Յանձնախումբը նաեւ կը հետեւի դրամատուներու գործունէութեան առողջութեան՝ պահպանելու համար աւանդատուներուն դրամները:

Պէտք է նշեմ, որ կը տեսնեմ շահերու բախում 

Դրամատուներու Վերահսկիչ Յանձնախումբը դրամատուներուն գործունէութիւնները քննելու մէջ պէտք է վայելէ անկախութիւն եւ թափանցիկութիւն, յատկապէս, որ Կեդրոնական Դրամատան շրջաբերականներուն մեծ մասը կ՚անցնի այդ յանձնախումբէն, եւ երբեմն ալ անիկա դեր կ՚ունենայ անոնց որոշումին մէջ: Սակայն յանձնախումբի անդամներուն՝ թիւով հինգ, ընտրութեան գործընթացը կ՚իրագործուի կառավարութեան հրամանով կամ վճիռով, ուր կառավարութեան կազմը կ՚առաջարկէ անոնցմէ երկուքը մինչ Դրամատուներու Ընկերակցութիւնը, Պահեստի (Աւանդներու) Ապահովագրութեան Ընկերութիւնը եւ Կեդրոնական Դրամատունը իւրաքանչիւրը կ՚անուանեն մէկ հոգի իրենց կողմէ:  

Եւ հո՛ս է հարցը: Պահեստի Ապահովագրութեան Ընկերութեան տնօրէն խորհուրդը կը բաղկանայ եօթը անդամներէ, որոնց չորսը կ՚ընտրուին ներդրում ընող դրամատուներուն կողմէ՝ ինչ որ դրամատուներու մարզին կու տայ հաւասարակշռող ազդեցութիւն նոյնինքն Վերհսկիչ Յանձնախումբին մէջ: Եւ մեկնելով այն իրականութենէն, որ Դրամատուներու Ընկերակցութիւնը մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ ֆինանսական մարմիններուն մէջ, օրինական կը դառնայ հարց տալը, թէ արդեօ՞ք այդ դրութիւնը դրամատուներուն կ՚արտօնէ միջոց մը փախուստի այն վերահսկողութենէն, որուն կ՚ենթարկուի Կեդրոնական Դրամատունը: Եւ ասիկա բացայայտ օրինակ մըն է շահերու բախումի՝ յառաջ եկած նշանակումներու օրէնքէն, որ կը տկարացնէ Վերհսկիչ Յանձնախումբի սկզբունքային անկախութիւնը:

Այդ պատճառով, ըստ ինծի, դրամական մարզի նշանակումներուն մէջ քաղաքական շարունակական միջամտութիւնները ըստ էութեան կը հակասեն թափանցիկութեան եւ անկախութեան սկզբունքին: Կը յուսամ, որ այդպիսով վերահսկողութեան հասկացողութիւնը ամբողջութեամբ գլխիվար չի շրջիր՝ դրամատուներ կանոնաւորելու փոխարէն դրամատուներուն ձեռքին մէջ վերածուելով իրենք իրենց ձեւական վերահսկողութիւն ընելու միջոցի մը՝ օրէնքի հովանիին տակ եւ քաղաքական իշխանութեան հաւանութեամբ, որ է որոշողը այդ օրէնքներուն եւ անոնց գործադրութեան կերպին:  

Ի՞նչ է պահեստի (աւանդներու) ապահովագրութեան ընկերութիւնը

Պահեստի (Աւանդներու) Ապահովագրութեան Ազգային Ընկերութիւնը հիմնուեցաւ 1967-ին, եւ անոր կանոնադրութիւնը հաստատուեցաւ թիւ 11564 հրամանագիրով՝ 28/67 օրէնքին հիման վրայ ինչպէս նաեւ ենթակայ ըլլալով առեւտուրի օրէնքի պայմաններուն: Իմ կարծիքովս, պէտք է այդ հաստատութիւնը չեղեալ համարուի եւ անոր պատասխանատուութիւնները եւ պարտականութիւնները փոխանցուին Կեդրոնական Դրամատան, որուն ծիրէն ներս կը կազմուի յատուկ վարչութիւն մը, որ ուղղակիօրէն յանձն կ՚առնէ այդ զգայուն առաքելութիւնը:   

Ի՞նչ կարելիութիւններ կան դրամատնային մարզին մէջ լուծումներ կիրարկելու

Սկսելու համար, պէտք է վերականգնել վստահութիւնը դրամատնային մարզին նկատմամբ՝ իբրեւ հիմը որեւէ իրական դրամական բարեկարգումի քայլի: Ատիկա կարելի չէ իրականացնել քաղաքական խաւին նկատմամբ գոյութիւն ունեցող անվստահութեան լոյսին տակ՝ նկատի ունենալով, որ անիկա կը ներկայացնէ որեւէ տեսակի բարեկարգման ետին գտնուող գլխաւոր մեքենան: Ծանօթ բան է, որ քաղաքականութիւնը մայրն է տնտեսութեան, եւ կ՚ուզեմ աւելցնել, որ վստահութիւնը վառելանիւթն է շարժումի: 

Լուծումի սենարիոն

Ոմանց կարծիքով, կառավարական յստակ ծրագիր չունենալը եւ դրամատնային ռիսքերը կառավարելու միջազգային նուազագոյն մակարդակի չափանիշները անտեսելը աւանդատուներուն իրաւունքներուն սուր խախտում մը կը համարուի՝ զանոնք զրկելով իրենց կանխիկ դրամը իր բուն թղթադրամով կամ արդար դրամափոխութեամբ դրամատունէն հանելէն: Այդ ընտրութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ Կեդրոնական Դրամատան պիւտճէի անկումը, գնելու կարողութեան կործանումը եւ համաշխարահային բեմերու վրայ երկրին վարկանիշին նուազումը: Միւս կողմէ ուրիշներ այնպէս կը տեսնեն, որ դրամագլուխի բաւարարութեան համար բոլոր չափանիշներուն կիրարկումը ինչպէս նաեւ գործնական եւ ակնկալուած սպառնալիքներու դէմ յատկացումներ գոյացնելու համար միջազգային չափանիշներու կիրարկումը՝ առանց որեւէ փոփոխութեան, դրամատուներուն կը պարտադրէ, որ յառաջ բերեն ներկայիս իրենց ունեցածին շուրջ մէկուկէս անգամը աւելի մեծ դրամագլուխներ, եւ ասիկա է այլընտրական լուծումը վերակառուցամ:

Սակայն, ըստ մեզի, ամէնէն հաւանական սենարիոն այն է, որ պէտք է վերասահմանուի դրամատուներուն դերը տնտեսութեան մէջ ինչպէս նաեւ ճշդուի այդ դերին համապատասխան չափը եւ ատիկա պէտք է կատարուի երկրին պարտքերու վերակառուցման եւ Կեդրոնական Դրամատան պիւտճէի հարցի լուծման հետ միասնաբար եւ կապակցաբար: Ատկէ յառաջ կու գայ դրամատուներու դրամագլուխներուն կազմութիւնը՝ անոնց նոր չափին համապատասխան ձեւով, Կեդրոնական Դրամատան պիւտճէին մէջ գոյութիւն ունեցող բացին նուազումը ինչպէս նաեւ բարեկարգման մնայուն քաղաքականութեան իրագործումը՝ պետական պարտքը լաւ ձեւով կառավարելու համար:

Եւ այս լուծման ծիրէն ներս, պէտք է աշխատանք տարուի վերանայելու Կանխիկ Դրամի եւ Վարկերու Օրէնքին: Առ այդ, օրինակի համար, պէտք է բացարձակապէս անջատել կանխիկ դրամի քաղաքակութեան կառավարումը՝ որ կը մնայ Կեդրոնական Դրամատան պատասխանատուութեան տակ, վերահսկողութեան եւ քննութեան յանձնարարութենէն, որ պէտք է կատարուի Կեդրոնական Դրամատան հովանիին տակ բայց անկէ անկախ մարմինի մը կողմէ:

Ինչպէս նաեւ կ՚առաջարկուի նուազեցնել տեղական դրամատուներուն թիւը՝ իրարու հետ միաձուլումներու եւ արտօնագիրները ետ առնելու նման գործնական լուծումներու միջոցաւ՝ նպատակ ունենալով նուազեցնել դրամատնային մարզի տարողութիւնը, նոր առաստաղներ եւ պայմաններ դնել Կեդրոնական Դրամատան կողմէ պիւտճէի բացերու ֆինանսաւորման ինչպէս նաեւ ի գործ դնել նոր վերահսկողական միջոցներ, որոնք կը համապատասխանեն աշխարհի մէջ տեղի ունեցող արհեստագիտական, դրամական եւ թուային փոփոխութիւններուն: 

Ամփոփելով, Լիբանանի դրամատնային համակարգի ներկայի վիճակին պատասխանատուութիւնը առաջին կարգին կը կրեն անոր կառավարիչները, անոր վերահսկողութեան մարմինները եւ համակարգները ինչպէս նաեւ քաղաքական մարզի այն խաւը, որ ստեղծեց ներկայի տագնապի մթնոլորտը եւ ոչ միայն պահպանեց զանիկա, այլեւ օգտուեցաւ անկէ: Այդ պատասխանատուութիւնը կը կրեն նաեւ այն կարգ մը դրամատուները, որոնք իրենք զիրենք եւ իրենց պաշտօնեաներուն իրաւունքները պահպանելու համար զգուշութեան պէտք եղած միջոցները չառնելով իրենց ազգային պարտականութիւնը չկատարեցին՝ հիմնուելով այն սխալ համոզումին վրայ, թէ՝ Կեդրոնական Դրամատունը կամ անոր կառավարիչը իրենց բացարձակ երաշխաւորն է: Եւ ասիկա սխալ գնահատում կը համարուի անոնց կողմէ, որոնք պէտք էր, որ աւելի փորձառու, իրազեկ եւ գիտուն ըլլային դրամատնային մարզը կառավարելու մէջ, որ ազգային տնտեսութեան ամէնէն կարեւոր սիւներէն մէկը կը համարուի:

Վերնոշեալ սենարիոներէն որեւէ մէկուն յաջողութեան համար հասարակաց միակ անհրաժեշտութիւնը էր եւ տակաւին է՝ դրամատնային համակարգին հանդէպ վստահութեան վերականգնումը: Առ այդ, իբրեւ մէկ մասը բարեկարգումի ծրագիրին՝ պէտք է ընդունուի օրէնք մը, որ յստակօրէն կ՚ապահովէ կառավարութեան երաշխիքը աւանդներու պահպանման վերաբերեալ: Յօդուածը պէտք է ըլլայ յստակ եւ որոշակի՝ հետեւեալ վարկածային պարունակութեամբ. «Պետութիւնը յանձն կ՚առնէ երաշխաւորել տեղական դրամատուներուն մէջ զետեղուած բոլոր աւանդները, եւ այդ երաշխիքը կը վերաբերի բոլոր տեսակի աւանդներուն՝ ըլլան անոնք խնայողութեան աւանդներ կամ ընթացիկ հաշիւներ, ինչպէս նաեւ բոլոր թղթադրամներով հաշիւներուն եւ բոլոր տեսակի աւանդատուներուն»: Ատոր պէտք է ընկերակցի 91/110 օրէնքի փոփոխութիւնը ինչպէս նաեւ շուկային մէջ դրամափոխութեան իրական արժէքը ճշդելու համակարգը՝ Կեդրոնական Դրամատան կողմէ ճշդուող պաշտօնական դրամարժէքին կողքին: Անշուշտ այդ քայլերուն պէտք է ընկերանան քաղաքական, հիմնարկային եւ տուրքային մարզերուն մէջ անհրաժեշտ բարեփոխութիւններ, ինչպէս նաեւ տեղի ունենան փոփոխութիւններ «Կանխիկ Դրամի եւ Վարկերու Օրէնք»ին մէջ:

Եզրակացնելու համար․ մի՛ վախնաք դրամատուներուն հետ գործ ունենալէ եւ արգելք մի՛ ըլլաք ատոր, քանի որ անոնք ամուր հիմը կը կազմեն որեւէ յաջող եւ բարգաւաճ տնտեսութեան: