Վերջին տարիներուն, մասնաւորապէս սփիւռքեան կտրուածքով, մշտական մտահոգութեան առարկայ սկսած է հանդիսանալ համայնքներու աւագ սերունդի նուիրեալ անդամներու հեռացումը… Գործիչներ եւ անուններ, որոնք կը հեռանան մեզմէ եւ հարց կը ծագի, թէ ո՞վ է, որ պիտի փոխարինէ զանոնք։ Ի՞նչ հունով ու ոգիով պիտի շարունակուի անոնց կէս ձգած գործն ու կատարած աշխատանքը։
Խօսքը առաւելաբար անհատի կեանքէն անդին եւ անհատական մակարդակի վրայ եղած ու սովորական դարձած կեանքի մը մասին է, որովհետեւ կը խօսինք նուիրումի, օգնութեան ձեռք մը երկարելու եւ կարիքաւորներուն եւ կարօտեալներուն օգնութեան հասնելու մասին։
Այսօր այս զգացումները կ՚ապրին Հալէպի մեր հայրենակիցները, որոնց արդէն իսկ նօսրացած շարքերուն համար մեծ հարուած մը եւս կ՚աւելնայ՝ բնիկ հալէպցի միութենական եւ ազգային գործիչ Հրաչ Գէորգեանի կորուստով։
Մարդ, որուն ճիշդ բնութագրումը ոչ միայն բարդագոյն գործ է, այլ ընդունելի պիտի չըլլայ իր նման նուիրական գործ տարած եւ ամբողջ էութեամբ իր հայրենակիցներուն օգնելու պատրաստ հայորդիին համար։
Բոլոր պարագաներուն, այս զոյգ մը բառերը թող դառնան բալասան այն խոր վէրքին, որ այս օրերուն կը կտտայ իր կորուստով։
Քանի մը բառ, որպէս վերյուշ եւ մանաւանդ յարգանք իր անբասիր անձին եւ քանի մը տող ի յիշատակ իր ժպտադէմ ներկայութեան։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հանգուցեալ Հրաչ Գէորգեանի մասին խմբագրութեանս յղուած մահագրութիւնը։
Մեր բոլորին սիրելի ընկեր Հրաչ Գէորգեան նախնական կրթութիւնը ստացած է Կիլիկեան վարժարանին մէջ։ Ապա նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ դարձած վարպետ արհեստաւոր։
Միութենական սկզբնաւորութիւնը եղած է ՀՄՄ-ի մէջ։ Սկաուտ, երէցական, Սկաուտական խորհուրդի անդամ։ Ժամանակի հոլովոյթին հետ ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ՝ «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան, Կիլիկեան կրթական հաստատութեան հոգաբարձութեան կազմերուն մէջ. վերջին տարիներուն ղեկավար անդամ էր ՍԴՀԿ-ի հիւսիսային Սուրիոյ Շրջանի Վարիչ մարմնի, ինչպէս նաեւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ։
Ան մեծ ներդրում ունեցաւ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին քանդուած Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն մէջ։ Իր բարերարութենէն օգտուած են Հալէպի բոլոր կառոյցները։
Հանգուցեալին մարդկային յատկանիշներն էին անաչառութիւնը, պարկեշտութիւնը, ընկերասիրութիւնը եւ նուիրուածութեան բարձր ոգին։
Հանգուցեալին թաղման արարողութեան թուականը ցարդ անորոշ է, մահացած է երէկ՝ 28 յուլիսին, Յորդանանի մէկ հիւանդանոցին մէջ։ Պահանջուած պետական թղթաբանութիւնը աւարտելէ ետք մարմինը պիտի տեղափոխուի նախ Դամասկոս, ապա՝ Հալէպ։