Ատրպէյճանական կազի մատակարարումը Սուրիա Թուրքիոյ միջոցով պիտի սկսի օգոստոս 2-ին։
Այս մասին գրած են թրքական լրատուամիջոցները՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքթարը։
«Շաբաթ օր՝ օգոստոս 2-ին, մենք պիտի սկսինք բնական կազի արտահանումը Ատրպէյճանէն Հալէպ՝ Քիլիսով», -ըսած է Պայրաքթարը։