image

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կ.Կ.ի ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցան Առաջնորդ Սրբազանի հետ

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կ.Կ.ի ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցան Առաջնորդ Սրբազանի հետ

Օրերս Աւստրալիոյ  ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ այցելութիւն տուած են Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վարդան եպս. Նաւասարդեանին։

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ «Արմինիա մէտիա» կայքէն։

 Ստորեւ այդ մասին տարածուած հաղորդագրութիւնը

Հանդիպում Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ
Հայ Յեղափոխական դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կեդրոնական կոմիտէին պատուիրակութիւնը, բաղկացած չորս ընկեր ընկերուհիներէ, Երեքշաբթի 15 Յուլիս, 2025-ի երեկոյեան, այցելութիւն մը տուաւ գաղութիս նորընտիր առաջնորդ՝ Տէր Վարդան Եպիսկոպոս Նաւասարդեանին:

Պատուիրակութիւնը յանուն Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ կառոյցին, բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր, մաղթելով անոր Աւստրալիոյ մէջ արեւշատ օրեր եւ հոգեւոր ու ազգային գետնի վրայ բեղուն գործունէութիւն:

Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ նաեւ սրտբաց զրուցելու, հայ ազգի ու հայրենիքի հետ կապուած մտահոգիչ երեւոյթներու մասին, որոնց գծով փոխանակուեցան կարծիքներ, գլխաւոր շեշտը դրուելով համերաշխութեան, համագործակցութեան ու միասնական ճիգերով մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայելու կարեւորութեան: