Օրերս կաթուած մը անցուցած Արամազդ Գալայճեան կը գտնուի բժիշկներու խնամքին ներքոյ։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Արամազդի ազգականներէն։
Կը նշուի, որ Արամազդ արեան ճնշման հետեւանքով անցուցած է ուղեղային կաթուած եւ նախախնամութեան ուժով փրկուած։
Նշենք նաեւ, որ Եթովպիոյ հայկական գաղութին մասին ֆիլմ պատրաստած որդի է Գէորգ Գալայճեանին, որ ազգօգուտ գործունէութիւն ծաւալած է Նիւ Եորքի հայկական շրջանակներուն մէջ։
Ան կը սերի Գալայճաններու տաղանդաւոր ընտանիքէ (Անոր հօրեղբայրը ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի նուիրեալ քահանայ հայրերէն էր) եւ նոյնպէս անոր հօրեղբայրը՝ Վազգէն Գալայճեան, ինչպէս նաեւ հօրաքոյրները ՝ Զարմինէ Պօղոսեան- Գալայճեան եւ Անի Գալայճեան իրենց ասպարէզներուն մէջ յաջողած ու հայութեան համար գործած անձնաւորութիւններ են։
Ամբողջական ապաքինում կը մաղթենք Արամազդին, յուսալով, որ շուտով կը վերադառնայ իր եռանդուն եւ ազգօգուտ գործունէութեան։