Մայրս առաջին անգամ արհեստի դրաւ զիս մօրաքրոջս տղուն քով` կօշկակարութեան: Դրացի կօշկակարները երբ նշմարէին նոր աշկերտ մը իջած է շուկայ, անմիջապէս իրենց զբաղումի եւ զուարճութեան առարկան կը դարձնէին անոր, եւ անշուշտ կարգը հիմա իմս էր, եւ ես էի իրենց թիրախը: Ու ահա պարտականութիւն մը տուին ինծի որ երթամ «Սուք Այյաս»՝ կօշկակարներու յատուկ պիտոյքներ ծախող խանութ մը, որ ունէր գամ, փակցնելիք, չիրիշ թել, մեղրամոմ եւ այլն, ու ըսին,- գնա' Պուրնը պէօյիւքին քով եւ իրեն ըսէ տաւուլ թոզու (թմբուկի փոշի) եւ մէնէրէ քէօրկէսի (լապտերի շուք) կ’ուզեմ: Անշուշտ թրքերէն չգիտնալուս պատճառով, 25 ղրուշը առի եւ լրջօրէն շուկայ գացի ու գտայ այդ խանութը եւ մտնելով տեսայ հսկայ մարդ մը՝ նստած, ու ենթադրելով թէ ան էր խանութպանը, քաղաքավարօրէն բարեւեցի եւ ըսի,-Բարի լոյս Պրն. Պուրնը պէօյիւք: Մարդը գլուխը բարձրացուց խիստ նայուածքով մը եւ ըսաւ,- Շան ձագ, ի՞նչ կ’ուզես: Ես ալ շուարած իր արտայայտութենէն, փորձեցի ձայնս աւելի մեղմացնել եւ խնդրեցի ըսելով, -Ինծի տաւուլ թոզու եւ մէնէրէ քէօրկէսի կու տա՞ս,- Հոս՝ մարդուն համբերութիւնը այլեւս յատած, ոտքի ելաւ բարկացած եւ հայհոյեց, ըսելով՝ կորսուիմ աչքին առջեւէն, իսկ ես ըսի, -Բայց պարոն, ինչո՞ւ կը բարկանաս, ի՞նչ սխալ ըրի։ Ալ մարդը խելագարի մը պէս, ձեռքի արագ շարժումով փորձեց զիս ապտակել, բայց ես նոյն վայրկեանին, կայծակի արագութեամբ, դանակս պարզեցի գրպանէս եւ զարմացնելով զինք ըսի, -չփորձուիս դպչիլ ինծի, այդ մեծ փորդ կը պատռեմ: Ու ահա ան սկսաւ պոռալ ու գլխուն մարդ հաւաքել, իսկ ես կծիկը տուի ու փախայ եւ գացի, դրամը վերադարձուցի մօրաքրոջս տղուն ու ըսի,- քեզի ալ, քու գործիդ ալ, խենթու մը քով ղրկեցիք զիս:
Այս ձախող փորձառութենէս ետք դերձակի մը քով սկսայ աշխատիլ, ան ալ մատս կապեց, մատնոց դրաւ ...: Այս գործն ալ խելքիս չպառկեցաւ: Ապա «Իտէալ» կնկայ վարսայարդարին քով սկսայ աշխատիլ ու դարձեալ, չհանդուրժելով, ձգեցի ու ելայ:
Այս վիճակիս մէջ օր մը քեռիս ըսաւ: «Դուն փողոցային, կռուազան մէկն ես եւ գործ մը չես կրնար ընել:» Այս խօսքը շատ ծանր ազդեց վրաս ու ձգեցի տունը ու գացի:
Ամբողջ օրը անորոշ թափառելէ ետք, ծովեզերք հասայ՝ «Օթէլ Նորմանտի», եւ դիմացը մարդ մը տեսայ, նստած, որ կը ծխէր... հարցուցի եթէ գործ մը ունէր ինծի համար, ան ալ ըսաւ,- ինչ կ’ընես, ըսի,- ամէն բան,- հարցուց եթէ գիշերը կ’աշխատէի, եւ երբ՝ «այո» ըսի, -մտի՛ր ու սկսէ՛ աւլել,- ըսաւ, -եւ յետոյ գաւաթները փայլեցուր:
Ժամը ութի, իննի ատենները աղջիկներ եկան գործի: Մէջերնին ֆրանսացի աղջիկ մը կար Քէյթի անունով, որ նայեցաւ ինծի եւ ժպտաց ու մօտեցաւ հարցնելու թէ լիբանանցի եմ, եւ եթէ ֆրանսերէն կը խօսիմ, եւ երբ պատասխանեցի թէ քիչ մը կը խօսիմ, սկսաւ ցոյց տալ թէ ինչպէս պէտք էր փայլեցնէի գաւաթները, եւ պատմեց իր հօրը մասին, որ պանդոկ մը ունէր Փարիզի մէջ նախօրօք, ու խոստացաւ ամէն բան սորվեցնել զիս:
Այդ օր սկսայ աշխատիլ, սիրելով գործս, եւ սիրելով գործակիցներս:
(շար. 5)
Նաթալի Քէնտիրճեան