Ամերիկահայ ՌԱԿ-եան գործիչներէն՝ Գէորգ Հալէպլեան (արմատները՝ Պէյրութէն) օրերս անակնկալ անհանգստութիւն մը ունենալով փոխադրուած է հիւանդանոց։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հալէպլեանի հարազատներէն։
Կը նշուի նաեւ, որ Հալէպլեան անցած է դարմանումի փուլ մը ու դուրս գալով հիւանդանոցէն վերադարձած է իր աշխատանքներուն։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Գէորգ Հալէպլեան կը համարուի ՌԱԿ-ի միջին սերունդի վառ անդամներէն մին, որ ուսանած ըլլալով Մայր Հայրենիքի մէջ բաւական խորքային մօտեցումներ ունին Հայաստանի քաղաքական ներկայ իրադրութեան մասին։
Ան կազմակերպչական աշխատանքներ կատարելէ բացի հանդէս եկած է հրապարակումներով, որոնք լոյս տեսած են մասնաւորապէս ՌԱԿ պաշտօնաթերթ՝ «Պայքար»ին մէջ։
Ամբողջական ապաքինում եւ պայքարելու նոր եռանդ կը մաղթենք «Արեւելք»ի բարեկամ՝ Գէորգ Հալէպլեանին։