Ատրպէյճանի նախագահի երէկուան յայտարարութիւնները պէտք չէ մեզ մօտ տպաւորութիւն ստեղծեն, թէ բանակցութիւնները մտած են փակուղի, ոչ, բանակցութիւնները կը շարունակուին: Այս մասին խորհրդարանական ճեպազրոյցների ժամին յայտարարած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեանը:
Անոր խօսքով՝ բնականաբար, բանակցութիւններուն մէջ կան դժուարութիւններ, խնդրայարոյց կէտեր, որոնց շուրջ քննարկումներն աւելի բարդ են եւ ժամանակատար:
«Ինչ վերաբերում է Ալիեւի եւ Ատրպէյճանից այլ պաշտօնեաների կողմից հնչող տարբեր մեկնաբանութիւններին, նպատակայարմար չեմ գտնում այս պահին դրանք մեկնաբանել: Գլխաւոր բանակցողները շարունակում են բանակցել Ադրբեջանի ու միջազգային մեր գործընկերների հետ՝ խաղաղութեան պայմանագիրը վերջնական տեսքին հասցնելու համար»,-ըսած է ան:
Ճշդող հարցին՝ օրակարգի վրայ ատրպէյճանցիներու վերադարձ կա՞յ, ան ըսած է, որ տարաբնոյթ հարցեր կան եւ ինքը չի կրնար մանրամասնել բանակցութիւններու մասնիկները՝ ատոնց խորհրդապահական ըլլալու բերումով:
Իսկ թէ ինչպիսին է Հայաստանի դիրքորոշումը այս հերթական պահանջի նկատմամբ, ան ըսած է.
«Մենք խօսում ենք բանակցութիւնների մասին, այստեղից ցանկացած հրապարակային դիրքորոշում յայտնել բանակցութիւնների պրոցեսի ընթացքում, նշանակում է տուեալ հարցը մտցնել հնարաւորինս փակուղի: Մենք հրապարակային որեւէ դիրքորոշում չենք կարող յայտնել, դիրքորոշումները յայտնւում են բանակցութիւնների սեղանին, քննարկումների գործընթացում»:
Երէկ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած էր, թէ Հայաստանը «պէտք» է բանակցութիւններ սկսի, այսպէս կոչուած, «արեւմտեան ատրպէյճանական» համայնքի հետ եւ գործնական քայլեր ձեռնարկէ անոնց հիմնարար իրաւունքները վերականգնելու համար: