image

ՀՀ դրոշմակնիքը պէտք է զերծ ըլլայ յուզական խորհրդանիշներէ. Արթուր Յովհաննիսեան

ՀՀ դրոշմակնիքը պէտք է զերծ ըլլայ յուզական խորհրդանիշներէ. Արթուր Յովհաննիսեան

Նոյեմբեր 1-էն ՀՀ պետական սահմանահատման կնիքի վրայ այլեւս Արարատ լեռան պատկերը պիտի չըլլայ։ Խորհրդարանական ճեպազրոյցի ժամանակ Կառավարութեան այս որոշումը պարզաբանած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Յովհաննիսեանը։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դրոշմակնիքը, որ կը տպուի անձնագրի մէջ, պէտք է արտայայտէ բացառապէս ՀՀ պետական խորհրդանիշները։

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը ելնում է իր պետական սիմվոլներից, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրոշմակնիքը պէտք է արտայայտի Հայաստանի Հանրապետութեան պետութեանը վերաբերող սիմվոլիզմը, պետական սիմվոլները եւ, ուրեմն, զերծ լինի նաեւ էմոցիոնալ, յուզական սիմվոլներից», –ըսած է Յովհաննիսեանը։

Պատգամաւորը նշած է, որ այս քայլի նպատակն է բացառել Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերեալ հնարաւոր տարընկալումները։

«Մենք ամէն բան անում ենք, որ մեր կողմից կիրառուող սիմվոլիզմը, կնիքները եւ այլն, ելնեն բացառապէս պետականութեան սկզբունքից», –աւելցուցած է ան։

Անդրադառնալով տարածաշրջանային յարաբերութիւններուն՝ Յովհաննիսեանը շեշտած է. «Մենք հիմնւում ենք Ալմա Աթիի հռչակագրի վրայ մեր հարեւանների հետ յարաբերութիւններում, եւ մեր իւրաքանչիւր գործողութիւն, կը լինի դա կնիքի ձեւով, յայտարարութեան ձեւով, որեւէ կերպ պէտք է վտանգաւոր մեսիջներ չուղարկի Հայաստանի Հանրապետութեան հարեւան պետութիւններին»։

Յովհաննիսեանի խօսքով՝ Հայաստանը միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններով ինքնիշխան պետութիւն է, եւ երկիրը ներկայացնող կնիքները պէտք է արտացոլեն պետական խորհրդանիշները։

«Ցաւում եմ, որ էլի որոշ շրջանակներ այս պարզ տրամաբանութիւնը շատ լաւ իմանալով փորձում են հաղորդել էմոցիոնալ եւ յուզական ֆոն, որեւէ դաւադրութիւն չկայ այս պատմութեան մէջ, պէտք չի սրան էմոցիոնալ եւ յուզական ֆոն տալ», – նշած է իշխանական պատգամաւորը։

Լրագրողի հարցին, թէ արդեօք Արարատ լեռան պատկերը պիտի հանուի միայն կնիքէն, թէ կը քննարկուի նաեւ զինանշանէն հանելու հարցը, Արթուր Յովհաննիսեանը պատասխանած է. «Նման քննարկում գոյութիւն չունի»։