image

Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը հարցաքննուած է

Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը հարցաքննուած է

Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը հարցաքննուած է: Այս մասին յայտնած են Քննչական կոմիտէէն:

«Համացանցում տարածուած ձայնագրութեան վերաբերեալ ստացուած հաղորդման առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքում անձը հարցաքննուել է»,-յայտնած են ՔԿ-էն:

Իշխանական լրատուամիջոցները տարածած էին 2023-ի հոկտեմբերի հեռախօսազանգի ձայնագրութիւն։ Ձայնագրութեան մէջ Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի հետ հեռախօսազրոյցին մէջ Աղան աբեղայ Երնջակեանն ըսած է, որ Գարեգին Երկրորդն իրեն ստիպած է մասնակցիլ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ հանրահաւաքի։

Հոկտեմբեր 17-ին Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի եւ Գարեգին Բ.-ի նախկին գաւազանակիր Աղան աբեղայ Երնջակեանի՝ լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած ձայնագրութեան հիման վրայ Քննչական կոմիտէն վարոյթ յարուցած է։

Հաղորդման առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ Քրէական օրէնսգիրքի 236-րդ յօդուածի 3-րդ մասի յատկանիշներով, այն է՝ իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ ատոնցմով պայմանաւորուած ազդեցութիւնն օգտագործելով հաւաք կայացնելուն կամ ատոր մասնակցելուն խոչընդոտելը կամ հարկադրելը, ինչպէս նաեւ հաւաքին մասնակցելու կամ հաւաքին մասնակցելէ հրաժարելու նպատակով նիւթապէս շահագրգռելը: