Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ճորճ Շուլցի Ազգային արտաքին գործերու ուսումնական կեդրոնին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ պիտի մասնակցի խաղաղութեան երկկողմ բանակցութիւններու փակման նիստին։
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքի՝ հանդիպումը պիտի կայանայ Ուաշինկթընի ժամանակով 13:45-ին:
Յիշեցնենք, որ Միրզոյեանն ու Պայրամովը մայիս 1-էն կը բանակցին Ուաշինկթընի մէջ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի՝ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանը, անդրադառնալով Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպման, նշած էր, որ իրենք կ'ողջունեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջընթացը բանակցութիւններուն մէջ եւ կը խրախուսեն շարունակական երկխօսութիւնը: