 
                    Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ` Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համաձայնագրի նախաստորագրման շուրջ արձագանքները կը շարունակեն մնալ քաղաքական շրջանակներու ուշադրութեան կեդրոնին: Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ ու միջազգային կառոյցներ, ողջունեցին երկու հակամարտող պետութիւններուն միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը, որ կը ձգտի խաղաղութեան բերել` Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս:
Ռուսաստանեան շրջանակներու առաջին արձագանքը դրական չեղաւ« սակայն յաջորդող օրերուն, յատկապէս վարչապետ Փաշինեանի ու նախագահ Փութինի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային խօսակցութենէն ետք, որուն ընթացքին վարչապետը մանրամասնութիւններ փոխանցեց նախագահ Թրամփի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մասին, Մոսկուան փոխեց իր վերաբերմունքը ու սկսաւ աւելի դրականօրէն մօտենալ` կայացած համաձայնութեան: Ինչ կը վերաբերի Իրանին, հոն եւս առաջին արձագանքները բաւական կոշտ էին ու անոնք կը խօսէին համաձայնութեան գործադրութիւնը ձախողցնելու մասին, սակայն երկրի արտաքին գործոց նախարարն ու ապա նախագահը եկան յստակեցում մտցնելու` Թեհրանի դիրքորշման շուրջ, որ մեծապէս կը տարբերէր նախնական գնահատականներէն` յատկապէս երկրի գերագոյն առաջնորդի խորհրդականներուն կողմէ: Այս դիրքորոշումը շեշտուեցաւ Իրանի նախագահի Երեւան այցելութեամբ ու եկաւ փարատելու իրանեան կողմի մտահոգութիւնները:
Այսպիսով, հայկական դիւանագիտութիւնը կարողացաւ այդ երկու երկիրներուն հաւաստիացնել, որ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած համաձայնութիւնը ուղղուած չէ որեւէ այլ երկրի դէն` յատկապէս Ռուսաստանի եւ Իրանի դէմ: Փաշինեան իր ելոյթներուն մէջ շեշտեց, որ ճանապարհներու բացումը շահաւէտ է նաեւ այդ երկու երկիրներուն համար, որոնք եւս պիտի օգտուին ճանապարհներու ապաշրջափակմէն:
Թէեւ համաձայնագրի բոլոր կէտերը տակաւին կը կարօտին յստակեցման, յատկապէս գետնի վրայ սպասուող զարգացումներու առումով: Սակայն կան ընդհանուր գիծեր, որոնք դրական են ու յուսադրիչ: Պատերազմի վտանգը մեծապէս նուազած է, օտար բանակ ոտք պիտի չդնէ Հայաստանի հողին վրայ, նոր ստեղծուելիք Ամերիկաևհայկական ներդրամային ընկերութիւնը պիտի կառուցէ ու գործարկէ ճանապարհն ու երկաթուղային գիծերը: Ատրպէյճանի քաղաքացիները ճանապարհ պիտի ունենան դէպի նախիջեւան` պարզեցուած ընթացակարգով, մաքսային վերահսկողութիւնը պիտի իրականացնէ Հայաստանը: Այս բոլորը պիտի կատարուին Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան տրամաբանութեան ծիրէն ներս, ինչպէս որ շեշտուած է ստորագրուած համաձայնագրին մէջ:
Վարչապետ Փաշինեան ժողովուրդին ուղղուած իր խօսքին մէջ յայտարարեց, որ Ղարաբաղեան հարցի էջը փակուած է ու կոչ ըրաւ Արցախէն տեղահանուածներուն, որպէսզի իրենց նոր կեանքը կառուցեն Հայաստանի մէջ: Վարչապետի այս յայտարարութիւնը բաւական խնդրայառոյց է, սակայն հիմնուած` իրատեսութեան վրայ: Անմիջապէս որ Հայաստան օրակարգ բերէ Արցախցիներու վերադարձի հարցը, Ատրպէյճան պիտի պնդէ 300 հազար ազերիներու Հայաստան «վերադարձի իրաւունքին» վրայ, որ իր մէջ կը պարունակէ մեծ վտանգներ ապագային առումով` մի քանի տասնամեակի ընթացքին խախտելով երկրի ժողովրդագրական պատկերը:
Խաղաղութեան հաստատման գծով առնուած այս հսկայ քայլէն միակ դժգոհողները եղան ընդդիմադիր շրջանակները, որոնք իրականութեան հետ առնչութիւն չունեցող տարբեր տեսակի առասպելներ սկսան հիւսել` դարձեալ ահազանգելով Հայաստանի ոչնչացումն ու կործանումը: Անոնք« որոնք դէմ են իշխանութիւններու առած այս քայլերուն« առիթը ունին յառաջիկայ տարի կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ներկայանալու իրենց ծրագիրներով ու փորձեն հասնիլ իշխանութեան« որմէ ետք կրնան պատռել ստորագրուած փաստաթուղթերը ու զէրոյէն սկսելու նոր բանակցութիւններ: Սակայն, Հայաստանի ժողովուրդը ունի բաւարար իմաստութիւն` անգամ մը եւս մերժելու հայրենասիրութեան կեղծ լոզունգներով ու անիրագործելի խոստումներով հրապարակը աղմկողներուն:
Ուոշինկթընեան համաձայնութիւնը իտէալական չըլլալով հանդերձ առաւելագոյնն էր« որ կարելի էր ձեռք ձգել, նկատի ունենալով աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակները, տարածաշրջանի մէջ ուժերու դասաւորումը ու վստահելի դաշնակիցի բացակայութիւնը: Այսպիսով, Հայաստանի առջեւ դուռ կը բացու կերտելու տնտեսապէս զարգացող երկիր« իր ժողովուրդին խոստանալով խաղաղ ու բարեկեցիկ կեանք:
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը առաջիններէն եղաւ, որ ողջունեց խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն անմիջական ներգրաւուածութիւնը այդ գործընթացէն ներս: ՍԴՀԿ ինչպէս իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին Հայաստանի, պետական շահերը գերադասած է նեղ` հատուածական շահերէն ու կը շարունակէ մնալ հաւատարիմ իր այդ սկզբունքներուն:
Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»