Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը մասնակցած է Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Փիթըր Վան Տալենի նախաձեռնութեամբ եւ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին համակազմակերպութեամբ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, 7 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ «2020ի պատերազմը եւ մարդու իրաւունքները Արցախի մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովին: Խորհրդաժողովի ընթացքին հիմնական բանախօսութեամբ հանդէս եկած են ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեանը եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ ռազմագերիներու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեանը: Այս մասին հաղորդած է Արցախի ՄԻՊ-ը:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը մանրամասներ ներկայացուցած է 44֊օրեայ պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումներու վերաբերեալ՝ նշելով, որ կատարած յանցագործութիւններու համար Ատրպէյճան պատասխանատւութեան չէ ենթարկուած, այդ անպատժելիութիւնն է, որ կանաչ լոյս վառած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու շարունակական, համակարգային եւ լայնածաւալ խախտումներու համար։
Պաշտպանը ներկայացուցած է հրադադարի հաստատման յաջորդած 22 ամիսներու ընթացքին արձանագրուած ատրպէյճանական յանցաւոր գործողութիւնները, հրադադարի ռեժիմի պարբերական խախտումներու հետեւանքով Արցախի մէջ ամենատարրական՝ կեանքի իրաւունքի ապահովման սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ ուժի կամ ուժի կիրառման սպառնալիքի օգտագործումը որպէս գործիք՝ իր անօրինական պահանջներու իրականացման համար։ Գեղամ Ստեփանեան ընդգծած է, որ ատրպէյճանական այս քաղաքականութիւնը հիմնուած է հայերու նկատմամբ էթնիք ատելութեան վրայ եւ նպատակ կը հետապնդէ էթնիք զտման ենթարկելու ու հայաթափելու Արցախը։
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը նշած է, որ հակամարտութիւնը կրնայ կարգաւորուին Արցախի կարգավիճակի վերջնական որոշմամբ՝ հիմնուած Արցախի ժողովուրդի ազատ կամարտայայտութեան իրաւունքի վրայ։ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը կրնայ միայն որոշուիլ իր ժողովուրդի կողմէ, փաստ, որ արձանագրուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի կողմէ առաջարկուած սկզբունքներուն:
Յայտարարելով, որ հակամարտութիւնը կարգաւորուած է կամ հրաժարելով կարգավիճակի շուրջ բանակցութիւններէն՝ Ատրպէյճանը կը փորձէ բացառել հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու հնարաւորութիւնը։ Նման պայմաններու մէջ միջազգային հանրութիւնը պէտք է հանդէս գայ ոչ թէ որպէս միջնորդ, այլ որպէս Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու՝ այդ շարքին ինքնորոշման իրաւունքի երաշխաւոր։
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ ռազմագերիներու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեանը մանրամասներ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւններու, դատարանի կողմէ կայացած վճիռներու եւ դեռ քննուող գործերու ընթացքի վերաբերեալ։
Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, անդրադառնալով իր հայրենիքի՝ Արցախի մէջ, անվտանգ ապրելու հայերու իրաւունքին, նշած է, որ Եւրոպական խորհրդարանն արդէն իր հրատապ բանաձեւով դատապարտած է Ատրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով հովանուորուող հայատեացութեան քաղաքականութիւնը, որ ինքնին այն փաստի ճանաչումն է, որ Արցախի ժողովուրդի գոյութիւնը Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ անհնարին է։
Եւրոպական խորհրդարանի՝ միջոցառման ներկայ խումբ մը պատգամաւորներ վերահաստատած են Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան օժանդակելու իրենց պատրաստակամութիւնը, իսկ ՄԻՊ֊ը կոչ ըրած է առաւել աշխոյժ եւ հասցէական գործողութիւններով ու յայտարարութիւններով միջազգային ճնշում գործադրելու Ատրպէյճանի նկատմամբ՝ դադրեցնելու շարունակուող էթնիք զտման քաղաքականութիւնն ու պարբերաբար կրկնող յարձակումները։