image

Այնճարի բարբառը դարձեալ լոյսին կը բերուի

Այնճարի բարբառը դարձեալ լոյսին կը բերուի

Մեր ընթերցողներէն շատեր  լսած,  ուշադրութեամբ  մտիկ ըրած ու յաճախ ալ խօսած են մեր բարբառներէն շատերը։

Հայոց լեզուի կազմութեան, անոր ակնունքներուն մէջ եղած    բարբառները միշտ ալ  ենթակայ  են   կորստեան  վտանգներու։ Այդ բարբառներէն քիչերն են ցաւօք, որ առ այսօր կ՚ապրին ու կը շնչեն ու նաեւ կ՚իմաստաւորեն մեր  կեանքն ու ապրումը։

Այդ բարբառներէն առանձնակի դեր ունի  Լիբանանի  Այնճար  հայկական աւանի  բարբառը, որ կը սերի ու մեզի հասած է  Մուսա Տաղէն։

Ի դէպ այս   այդ բարբառը  դարձեալ «ոտքի ելած է», ոչ միայն   ամէնօրեայ խօսակցութեան պատկերով  այլ նաեւ բարբառին  նուիրուած յատուկ երեկոյ-միջոցառումներով։ 

Իսկ  այդ մասին  աւելի մանրամասն «Արեւելք» կը կարդայ Այնճարի Համազգայինի  Պարոյր Սեւակ  մասնաճիւղի դիմատետրի էջէն.

Շաբաթ, 23 Յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին , կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի եւ Մուսա Լեռ Ազգ. թանգարանի յանձնախումբին տեղի ունեցաւ Այնճարի բարբառին նուիրուած երեկոներու առաջին հանդիպումը՝ Ս. Զէյթլեան կեդրոնէն ներս:

Խօսք առաւ Ընկ. Եսայի Հաւաթեան բարբառը կոչելով «Մեր Գանձը» եւ թէ ան անսպառ գիտելիքներու շտեմարան մըն է: Ընկ. Եսայի իր խօսքին մէջ յիշեց թէ Մուսա Տաղի բարբառը շատ հարուստ բարբառ է, որ կը կրէ զանազան լեզուներու ազդեցութիւններ , եւ անոր կազմաւորումը ցոյց կուտայ որ հազար տարիներէ աւելի հին բարբառ է. Այս մէկը կարելի է հիմնաւորել այն տուեալին վրայ որ սոյն բարբառին մէջ կան եւրոպական լեզուներէ բառեր, որ արդիւնք է Խաչակիրներու եւ Մուսա Տաղի ժողովուրդին ուղղակի շփումին:  

Ընկ. Եսայի կարեւոր նկատեց այս բարբառին պահպանումը որուն ժողովուրդը  պէտք է սատարէ խօսելով եւ աւանդութիւնները պահելով. նկատի առնելով այն պարագան որ Մուսա Տաղի բարբառը Արեւմտահայաստանի միակ ապրող բարբառն է:

Խօսք առաւ նաեւ Մուսա Լեռ Ազգ. Թանգարանի յանձնախումբի ատենապետ՝ Ընկ. Մեսրոպ Քենտիրճեան:

Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պրն. Սարգիս Խաչեր Շաննագեան եւ Պրն. Պետրոս Արամ Ֆեսլեան եւ յայտագրին ներկայ հայրենակիցներ՝ պատմելով Մուսա տաղի բարբառով հաճելի դրուագներ:                   

Բարբառին նուիրուած հանդիպումները պիտի երկարին զանազան  հիւրերու ներկայութեամբ՝ որոնք պիտի ճոխացնեն յայտագիրը, չմոռնալով  նաեւ Մուսա տաղի բարբառին մէջ տեղ գտած մաղթանքներուն , անէծքներուն եւ հայհոյանքներուն:

Մեր բոլոր հայրենակիցներուն ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը խիստ փափաքելի է: