image

Աստուածամօր լոյսին ներքեւ՝ Քեսապի ուխտի օրը

Աստուածամօր լոյսին ներքեւ՝ Քեսապի ուխտի օրը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Բերիոյ Թեմի պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝ 

 Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 16 Օգոստոս 2026-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Քեսապահայ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զանազան նահանգներէն եւ այլ վայրերէ ժամանած հաւատացեալներու ներկայութեան մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ հանդիսաւոր Պատարագ։

Օրուան պատարագիչն էր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Քեսապի դպրաց դասը։ Սրբազան Հօր առընթերականերն էին Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Վրդ. Գալաճեան։

Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով Աստուածամօր նուիրուած Մեծացուսցէին բառերը, դիտել տալով, որ Ս. Կոյս Մարիամ «Աստուծոյ մայր» կոչումը ստանալով՝ բարձրագոյն պատիւի արժանացաւ Աստուծոյ կողմէ, երբ իր մէջ կրեց մարմնացեալ Աստուածը՝ խոստացուած Փրկիչը, որ ամբողջ մարդկութիւնը պիտի փրկէր եւ մեղքերու քաւութիւն եւ թողութիւն պիտի տար։ Ան նշեց, թէ Հայ Եկեղեցին եւս իր ծէսին, շարականներուն եւ աղօթքներուն մէջ կը մեծարէ Աստուածամայրը։

Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Աստուածամայրը կը հանդիսանայ արդարութեան արեգակին արեւելքը, որուն միջոցով անշօշափելին եւ անժամանակաւոր Աստուածը մարդ դարձաւ, որպէսզի մարդիկ ճանչնան թէ ո՛վ է Աստուած։ Հետեւաբար, այս տօնին ընդմէջէն հրաւիրուած ենք տեսնելու զԱստուած, որովհետեւ Քրիստոս Աստուածամօր ընդմէջէն իբրեւ լոյս յայտնուելով խաւարը լուսաւորեց։ Աւելցնելով ան ըսաւ, թէ Աստուածամօր տիպարին ամենագեղեցիկ պատկերը այն էր, որ ան ամբողջութեամբ լեցուած էր Աստուծմով եւ Ս. Հոգիով։

Ուստի, հակառակ մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, Աստուածամայրը օրինակ ունենալով, հեզութեամբ եւ խոնարհութեամբ մէկ կողմ դնենք ամէն փառք ու պատիւ եւ ծառայական ոգիով բարիք եւ օրհնութիւն դառնանք մեր շրջապատին։

Ապա, ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, խնդրելով Աստուածամօր Բարեխօսութիւնը։ 

Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ուխտաւոր ժողովուրդին հոծ ներկայութեան համար։ Ան գնահատեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչը, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը, դպրապետը եւ դպրաց դասը՝ իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեան համար, նաեւ շնորհաւորեց Մարիամ Աստուածածինի անուան հետ առնչութիւն ունեցող անուններով հայորդիները։ 

Աւարտին, ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտները հաւատացեալներուն նուիրաբերած խաղողը բերին եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տօնական մթնոլորտի մէջ Սրբազան Հօր ձեռամբ Խաղողօրհնէք կատարուեցաւ։

Այս առիթով, Ազգ. Կրօնական Ժողովին կողմէ Աստուածամօր նուիրուած աղօթաբացիկ բաժնուեցաւ ժողովուրդին։