image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանը կը խոչընդոտէ Մինսքի խումբի աշխատանքը. Ֆրանսայի դեսպան

Ատրպէյճանը կը խոչընդոտէ Մինսքի խումբի աշխատանքը. Ֆրանսայի դեսպան

Ֆրանսան, որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ, կը փափաքի շարունակել իր ջանքերը ղարաբաղեան հակամարտութեան տեւական կարգաւորման ուղղութեամբ, բայց քանի որ Ատրպէյճանը կը խոչընդոտէ Մինսքի խումբի եռանախագահներուն աշխատանքը, այդ իսկ պատճառով Փարիզ կը փորձէ հայ-ատրպէյճանական երկխօսութեան ապահովման այլ ուղիներ գտնել, մասնաւորապէս` Եւրոմիութեան գործողութիւններուն միջոցով:

 

Ֆրանսան կը փափաքի ամրապնդել իր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ եւ օգնել Հայաստանին աւելի զարգանալու եւ աշխարհին բացուելու գործին մէջ: Այդ մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անն Լույօն` ընդգծելով հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը երկու երկիրներուն համար:

Արձանագրելով, որ յատկապէս վերջին շրջանին Հայաստանը առերեսուած է բազում բարդ մարտահրաւէրներու, Ֆրանսայի դեսպանը շեշտած է, որ Հայաստանը նաեւ մեծ հնարաւորութիւններու երկիր է, եւ իր դերը ֆրանս-հայկական յարաբերութիւններու բոլոր դերակատարները զօրաշարժի ենթարկելն է, որպէսզի Հայաստանը բացուի աշխարհին համար եւ աւելի դրականօրէն առերեսուի իր ապագային:

Դեսպան Լույօն ընդգծեց, որ Ֆրանսան կը փափաքի ալ աւելի ամրապնդել տնտեսական փոխգործակցութիւնը Հայաստանի հետ եւ օգնել Հայաստանին ալ աւելի զարգանալու եւ աշխարհին բացուելու գործին մէջ: Այս հարցով կարեւոր դեր կրնար խաղալ նախորդ տարուայ Դեկտեմբերին Հայաստանի եւ Ֆրանսիայի միջեւ ստորագրուած յաւակնոտ ճանապարհային քարտէզը:

Երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներէն Անն Լույօն առանձնացուց յատկապէս կրթութիւնն ու մշակոյթը, նորագոյն եւ բարձր արհեստագիտութիւնները, տնտեսական փոխգործակցութիւնը, միջհամայնքային` ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը եւ տարածաշրջանային ու միջազգային համագործակցութիւնը:

Ֆրանսայի դեսպանը անդրադարձաւ նաեւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու դադրեցման եւ խաղաղ կարգաւորման հարցերուն, այդ շարքին` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին եւ ռուս-ուքրանական պատերազմին:

Դեսպանին խօսքով` Ֆրանսան, որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ, կը փափաքի շարունակել իր ջանքերը ղարաբաղեան հակամարտութեան տեւական կարգաւորման ուղղութեամբ, բայց քանի որ Ատրպէյճանը կը խոչընդոտէ Մինսքի խումբի եռանախագահներուն աշխատանքը, այդ իսկ պատճառով Փարիզ կը փորձէ հայ-ատրպէյճանական երկխօսութեան ապահովման այլ ուղիներ գտնել, մասնաւորապէս` Եւրոմիութեան գործողութիւններուն միջոցով: