Ատրպէյճանը 1,2 միլիառ տոլար արժողութեամբ Barak MX տեսակի զենիթահրթիռային համակարգ գնած է Իսրայէլէն, հաղորդած է իսրայէլեան Globes պարբերականը։
Ընդգծելով, որ IAI (Israel Aerospace Industry) պետական ձեռնարկութիւնը չորս օր առաջ յայտարարած է 1,2 միլիառ տոլար արժողութեամբ Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ (ՀՕՊ) անանուն երկրին մատակարարելու մասին, Պաքուն նոր հաստատած է, որ Ատրպէյճանն է պատուիրատուն։
Պարբերականը նշած է, որ Իսրայէլը Պաքուի մէջ դեռ սեպտեմբերին Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու համար Barak MX-ի ցուցադրութիւն կազմակերպած էր։