image

Սեպտեմբերէն կրթական համակարգի համար հասանելի պիտի դառնան AI-ի կրթական գործիքները․ Անդրէասեան

Սեպտեմբերէն կրթական համակարգի համար հասանելի պիտի դառնան AI-ի կրթական գործիքները․ Անդրէասեան

«Այս տարին մեզ համար կարեւորուելու է նրանով, որ սեպտեմբերից բարձրագոյն կրթութեան եւ հանրակրթութեան համակարգի համար հասանելի են դառնում արհեստական բանականութեան կրթական գործիքները շատ մեծ ծաւալով»,-ըսած է ԿԳՄՍ նախարար Ժաննա Անդրէասեանը եւ աւելցուցած, որ «Firebird»-ի եւ «OpenAI»-ի հետ համագործակցութեամբ 50 հազար բաժանորդագրութիւնը պիտի դառնայ հասանելի։

«Այդ հասանելիութեան միջոցով նախատեսում ենք, որ թէ՛ մեր սովորողները, թէ՛ բուհական համակարգը կ՚ունենան հնարաւորութիւն արհեստական բանականութեան կրթական գործիքներ օգտագործել»,- ընդգծած է նախարարը եւ շեշտած, որ դպրոցի տնօրէնը պիտի կարողանայ AI-ի գործիքակազմով վերլուծութիւններ ունենալ եւ հասկնալ խոցելի ուղղութիւնները, որոնց վրայ պէտք է աւելի շատ ուշադրութիւն դարձնել։

Անոր խօսքով՝ ուսուցիչները պիտի ունենան հնարաւորութիւն գործիքակազմի միջոցով մեքենական աշխատանքէն ազատել իրենց ժամանակը եւ կեդրոնանալ աւելի շատ ստեղծագործական աշխատանքի վրայ։