ԱՄՆ-ի բանակը յայտարարած է անօդաչու թռչող սարքերու ոչնչացման համար նախատեսուած բարձր ուժանիւթով լազերային սպառազինութեան համակարգի արտադրութեան առաջին պայմանագրի կնքման մասին։ Բանակի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ համապատասխան պայմանագիրը ստորագրուած է ամերիկեան AeroVironment (AV) ընկերութեան հետ։
«Իր տեսակի մէջ այս առաջին ուղղորդուած ուժանիւթի ծրագիրը մեր ստորաբաժանումներուն պիտի թոյլատրէ յաղթահարել անօդաչու համակարգերը եւ գերիշխել ամենասկիզբէն։ Մարդկային հնարամտութեան եւ յառաջադէմ արհեստագիտութիւններու համադրումը կ՚երաշխաւորէ, որ մեր բանակը պիտի շարունակէ առաջ անցնիլ Ամերիկայի հակառակորդներէն»,– յայտարարած է ԱՄՆ-ի բանակի սպայակոյտի պետի տեղակալ, զօրավար Քրիսթոֆըր Լա Նեւէն։
ԱՄՆ-ի բանակը նշած է, որ E-HEL ուղղորդուած ուժանիւթի մարտական համակարգը անօդաչուներ ոչնչացնելու համար կարելի է օգտագործել հրթիռներէն շատ աւելի քիչ ծախսով։ Աշխատելով ելեկտրական ուժանիւթով՝ ան կը ստեղծէ մահացու բարձր ուժանիւթային լազերային ճառագայթ, որ կ՚ապահովէ կրակոցի ցած գին, ինչպէս նաեւ ունի պահեստաւորիչ, որ կը լիցքաւորուի սնուցման համակարգի աղբիւրի օգնութեամբ։
Կը նշուի, որ համակարգը մշակուած է գործառնական ճկունութեան համար եւ կրնայ տեղակայուիլ անշարժ խարիսխներու, կիսաանշարժ մարտավարական դիրքերու եւ շարժական մարտական մեքենաներու վրայ՝ ապահովելով լայն կիրառութիւն գործառնական ամբողջ շրջանակին մէջ։