Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարք Լիպպին յայտարարած է պաշտօնէն հեռանալու մասին, հաղորդած է Trend-ը՝ յղում ընելով դեսպանատան։
«Ծանր սրտով կը յայտնեմ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ծառայութենէն թոշակի անցնելու որոշումիս մասին։ Ցաւօք, առողջական խնդիրները, որոնց մասին նշած էի 2023 թուականին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի առջեւ իմ ելոյթով, կը շարունակուին պահպանուիլ... Այնուամենայնիւ, վերջին քննութիւններու արդիւնքները ցոյց տուին, որ ժամանակն է վերադառնալ տուն եւ կեդրոնանալ առողջութեան վրայ», - նշած է դեսպանը:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ շատ ընելիքներ կան Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման համար:
Լիպպի մանրամասնած է, որ 2024 թուականի օրացուցային տարուան աւարտէն անմիջապէս յետոյ պիտի լքէ պաշտօնը: