image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի խաղաղութեան հռչակագրի համատեղ ստորագրումը պատմական նշանակութիւն ունի. Թոքաեւ

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի խաղաղութեան հռչակագրի համատեղ ստորագրումը պատմական նշանակութիւն ունի. Թոքաեւ

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ Ուաշինկթընի մէջ կնքուած համաձայնագիրները լայն հնարաւորութիւններ կը բանան Հարաւային Կովկասի մէջ եւ անկէ դուրս համապարփակ համագործակցութեան զարգացման համար: Այս մասին յայտարարած է Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւն Աշկապաթի մէջ կայացած «Խաղաղութեան եւ վստահութեան միջազգային ֆորում»-ին։

«Մեր կարծիքով, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի խաղաղութեան հռչակագրի համատեղ ստորագրումը պատմական նշանակութիւն ունի, որ լայն հեռանկարներ կը բանայ տարածաշրջանին մէջ եւ անկէ դուրս բազմակողմանի համագործակցութեան համար: Մենք յոյս ունինք Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը երաշխաւորող համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի արագ կնքման», -ըսած է Թոքաեւը: