Ատրպէյճանի բանակը կը կատարէ մարտավարական զօրավարժութիւններ։ Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
«Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Իլհամ Ալիեւի ղեկավարութեամբ օր օրի կը բարձրանայ ատրպէյճանական բանակի անձնակազմի մարտական պատրաստուածութիւնն ու մասնագիտական մակարդակը»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը բարձր գնահատած է ստորաբաժանումներու մարտավարական գործողութիւնները եւ անձնակազմի մարտական պատրաստուածութիւնը։