image

Ատրպէյճան կրակ բացած է Խրամորթի ուղղութեամբ

Ատրպէյճան  կրակ բացած է Խրամորթի ուղղութեամբ

Վերջին օրերուն Ատրպէյճանի զինուած ուժերը պարբերաբար սադրիչ ու լարուածութիւն յառաջացնող գործողութիւններ կ'իրականացնեն Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Խրամորթ համայնքին յարակից դիրքերուն մէջ:  Այս մասին ըսուած է Արցախի Դատախազութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

«Հնարաւոր միջոցներով փորձ է արւում խաթարել գիւղի բնականոն կեանքը, գիւղատնտեսական աշխատանքների ընթացքը, գիւղական առօրեայի կազմակերպմանը:

Ռազմական ուժի կիրառման սպառնալիքին հոգեբանական ճնշման տեղեկատուական գրոհն ու բարձրախօսներով տարբեր բնոյթի յայտարարութիւնների տարածման տարբերակն յաւելելուց յետոյ այսօր առաւօտեան ատրպէյճանական կողմը կրկին դիմել է սադրանքի` հայկական կողմի ուղղութեամբ արձակելով ուժգին կրակոցներ: Ռուս խաղաղապահ ուժերի արձագանգի շնորհիւ իրավիճակը հանդարտուել է», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: