Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողան չորեքշաբթի Աստանայի մէջ, Ասիոյ մէջ փոխգործակցութեան եւ վստահութեան միջոցներու խորհրդակցութեան (ԱՓՎՄԽ) գագաթաժողովի ծիրէն ներս կրնայ հանդիպիլ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, տեղեկացուցած է «Ֆրանս փրէս» գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով թուրք պաշտօնեային։
«Չորեքշաբթի Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ, տարածաշրջանային գագաթաժողովի ծիրէն ներս, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան պիտի հանդիպի ռուս պաշտօնակից՝ Վլատիմիր Փութինի հետ»,- տեղեկացուցած է գործակալութիւնը։
Աւելի վաղ Էրտողան յայտարարած էր, որ յոյս ունի Փութինի հետ հանդիպման՝ առաջիկայ «երեք-չորս օրը»։
Նշենք, որ այս շաբաթ Փութին պիտի մեկնի Աստանա, Ասիոյ մէջ փոխգործակցութեան եւ վստահութեան միջոցներու վերաբերեալ խորհրդակցութեան գագաթաժողովին, ան նաեւ շարք մը երկկողմ հանդիպումներ պիտի ունենայ։