image

Աշխարհի մեծագոյն արեւային ելեկտրակայանը. Կառուցողը՝ Չինաստանն է

Աշխարհի մեծագոյն արեւային ելեկտրակայանը. Կառուցողը՝ Չինաստանն է

Չինաստանը յայտարարած է նոր հսկայական արեւային նախագիծի մասին Թիպեթեան բարձրաւանդակին մէջ, որ նախատեսուած է դառնալ աշխարհի ամենամեծ արեւային կայանը։ Այս մասին հաղորդած է Euronews:

Այն պիտի զբաղեցնի շուրջ 610 քառակուսի քիլոմեթր տարածք, ինչ որ համարժէք է Շիքակօ քաղաքի չափին։ Կայանը պիտի ունենայ աւելի քան 7 միլիոն արեւային վահանակ եւ պիտի կարողանայ ելեկտրականութիւն մատակարարել մօտ 5 միլիոն ընտանիքի։

Վահանակները պիտի ծառայեն որպէս քամիի արգելք՝ նուազեցնելով փոշին եւ գոլորշիացումը, իսկ ներքեւը հնարաւոր պիտի ըլլայ բուսականութիւն աճեցնել։ Տեղացիներն այս համակցութիւնը նոյնիսկ կոչած են «լուսաելեկտրական (photovoltaic) ոչխարներ», քանի որ անասունները հանգիստ կրնան արածել վահանակներուն տակ։