image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան լոլիկի մթերման հարց պիտի չունենայ. Նախարար

Հայաստան լոլիկի մթերման հարց պիտի չունենայ. Նախարար

ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան 18 օգոստոսին այցելած է «Արտաշատի պահածոներու գործարան»՝ լոլիկի մթերման գործընթացին հետեւելու նպատակով։ Այցին մասնակցած են նաեւ Արարատի մարզպետ Սեդրակ Թեւոնեանն ու Արտաշատ համայնքի ղեկավար Կառլէն Մկրտչեանը։

Նախարարութենէն յայտնած են՝ գործարանի գլխաւոր տնօրէն Վաչագան Կարապետեանի ուղեկցութեամբ նախարարը շրջած է ընկերութեան մէջ, ծանօթացած արտադրական աշխատանքներու ընթացքին, հետեւած մթերման գործընթացին։

Ընկերութենէն նախարարին հաւաստիացուցած են, որ պատրաստ են մթերելու այնքան լոլիկ, որքան պիտի ըլլաձ առաջարկ բնակիչներէն։ Մթերման գինը սահմանուած է 40-80 դրամ։

«Այս տարի լոլիկի մթերման հետ կապուած խնդիր չենք ունենալու։ Մենք շարունակելու ենք ամենօրեայ ռեժիմով հետեւել մթերումների ընթացքին», -նշած է Գէորգ Պապոյեանը։

Oգոստոս 3-էն հանրապետութեան մէջ մեկնարկած է լոլիկի մթերումներու գործընթացը։ Արդէն իսկ մթերուած է 4700 թոն լոլիկ, որմէ ամենամեծ ծաւալը՝ 1800 թոն, մթերուած է «Արտաշատի պահածոներու գործարան»ի կողմէ։

«Արտաշատի պահածոներու գործարան»ը սնունդի արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի խոշոր ընկերութիւններէն է։ Այն անդադար զարգացող ու ընդլայնուող ընկերութիւն է՝ այսօր արդէն տարեկան 40 միլիոն պահածոյ արտադրելու հնարաւորութեամբ եւ տարուէ տարի աւելցող արտադրական ծաւալներով։