image
Հրատապ լուրեր:

Զախարովա սլաքներ արձակեց՝ Պաքուի ուղղութեամբ. «Ատրպէյճանեան մամուլի շեշտերը Ռուսիոյ հանդէպ ոչ բարեկամական են»

Զախարովա սլաքներ արձակեց՝ Պաքուի ուղղութեամբ. «Ատրպէյճանեան մամուլի շեշտերը Ռուսիոյ հանդէպ ոչ բարեկամական են»

 

Ատրպէյճան երեք ռուս լրագրողներու նկատմամբ հետախուզում յայտարարած է։ Պաքու Իվան Կնեազեւը, Սեմէոն Ուրալովը եւ Ալեքսէյ Չատաեւը կը մեղադրէ Ատրպէյճանի սահմանադրական կարգը բռնութեամբ տապալելու եւ երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու կոչեր հնչեցնելու մէջ։

Ռուսիոյ ԱԳՆ ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան, խօսելով այս մասին, նշած է, որ Ատրպէյճանի տեղեկատուական դաշտին մէջ մշտապէս առկայ են Ռուսիոյ նկատմամբ ոչ բարեկամական բնոյթի պատումներ։

Ան նաեւ ընդգծած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային Ռուսիա պիտի ապահովէ իր լրագրողներու օրինական իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան կողմէ անոնց միջազգային հետախուզման մէջ յայտարարելու պարունակին մէջ։

Զախարովայի խօսքով՝ Ատրպէյճանի կողմէ հետախուզման մէջ յայտարարուած երեք ռուս լրագրողներու յայտարարութիւնները չեն արտացոլեր Մոսկուայի մօտեցումները Պաքուի հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։

«Մենք բազմիցս առաջարկած ենք մեր ատրպէյճանցի գործընկերներուն, որ մասնագիտացուած խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկեն տեղեկատուական միջավայրի բարելաւման հարցերը՝ առանց քաղաքականացման կամ լրատուամիջոցներու աղմուկի», յայտարարութեան մէջ ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան։