ԸՆթերցումներս (66)
Անհամասեռութիւն (9)
Շարահիւսական անհամասեռութիւն (բ)
Անհամասեռութիւնը երբեմն այնքան լաւ սքողուած է, այլ խօսքով՝ ծուղակը այնքան լաւ լարուած է, որ յատուկ ճիգ եւ ուշադրութիւն կը պահանջէ անկէ խուսափումը:
Օրինակ՝
***Եւրոպական Միութիւնը կը ձգտի Ռուսիոյ մօտ եղող երկիրները դնել ընտրութեան առջեւ՝ կա՛մ ըլլալ Ռուսիոյ հետ, կա՛մ Արեւմուտքի» («Ազդակ», 13-2-2019):
Սա այնքան ճիշդ ու հարազատ կը թուի: Այսուհանդերձ անհամասեռ են կամ կրկնադիր շաղկապներով համադասուող բառերը. առաջին կամ-ը դրուած է ուղղական հոլով անորոշ դերբայի մը վրայ՝ ըլլալ, երկրոդը դրուած է սեռական հոլով յատուկ անունի մը վրայ՝ Արեւմուտքի:
Մինչդեռ պարտէինք ունենալ՝
---Եւրոպական Միութիւնը կը ձգտի Ռուսիոյ մօտ եղող երկիրները դնել ընտրութեան առջեւ. ըլլալ՝ կա՛մ Ռուսիոյ հետ, կա՛մ Արեւմուտքի»:
Ուր Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի կատարելապէս համասեռ են. Երկուքն ալ յատուկ անուն են, երկուքն սեռական հոլով ունին:
***Վստահ չէինք, թէ մեր նախագիծը իրապաշտ էր եւ կրնար գործադրուիլ:
Սա իր կարգին շատ քողածածուկ ծուղակ մըն է, ուր համադասուած են երկու տարաբնոյթ բայեր. ասոնք կարելի էր սրբագրել հետեւեալ ձեւով.
---Վստահ չէինք, թէ մեր նախագիծը իրապաշտ եւ գործադրելի էր:
Ուր համադասուած են երկու ածական ստորոգելիներ եւ անոնց հասարակաց էական բայը:
***Ուսուցիչս մատնանշեց շարադրութեանս (1)սահուն լեզուն, սակայն (2)ուղղագրական մեծաթիւ սխալներ ունէի:
Ունինք շատ իւրայատուկ անհամասեռութիւն մը, ուր համադասուած են որոշիչ- որոշեալ բառակապակցութիւն մը (1) եւ... ամբողջ նախադասութիւն մը (2):
---Ուսուցիչս մատնանշեց շարադրութեանս սահուն լեզուն եւ ուղղագրական մեծաթիւ սխալներս:
***Որքան մեծ հմայք ունին Հալէպի (1)արդիական ճաշարաններն ու սրճարանները, նոյնքան, եթէ ոչ աւելի հմայիչ են (2)հնաոճ ճաշարաններն ու սրճարանները:
Այստեղ բաղդատութեան հիմունքով համադասուած են Հալէպի արդիա-կան(1) եւ հնաոճ(2) համասեռ ճաշարանները. բոլորովին աննկատելի անհամա-սեռութիւն մը կը գտնենք բայերուն միջեւ. առաջինը ներգործական է՝ ունին, երկրորդը չէզոք է՝ են: Սրբագրութիւնը կու տայ.
---Որքան մեծ հմայք ունին Հալէպի արդիական ճաշարաններն ու սրճա-րանները, նոյնքան, եթէ ոչ աւելին ունին հնաոճ ճաշարաններն ու սրճարանները:
Կամ՝
---Որքան հմայիչ են Հալէպի արդիական ճաշարաններն ու սրճարանները, նոյնքան, եթէ ոչ աւելի, հմայիչ են հնաոճ ճաշարաններն ու սրճարանները:
Շարահիւսական անհամասեռութեան ուրոյն օրինակ մըն է Երուանդ Օտեանի հետեւեալ շարադրանքը.՝
***Բժիշկը քննեց տղան, լեզուն նայեցաւ, կոկորդը նայեցաւ, աչքերուն նայեցաւ եւ վճռաբար ըսաւ...» («Փանջունի», նախաբան):
Նայեցաւ բային տրուած է երեք խնդիր երկու տարբեր հոլովներով՝ լեզուն եւ կոկորդը՝ հայցական, իսկ աչքերուն՝ տրական:
Նայիլ բայը ինքնին չէզոք է, սակայն Օտեան զայն կիրարկած է իբրեւ քննել, այսինքն ներգործաբար. ուրեմն յարգելով իր ոճը, ըսենք՝
---կոկորդը նայեցաւ, լեզուն նայեցաւ, աչքերը նայեցաւ եւ վճռաբար ըսաւ...
* * *
Հետեւեալը շարահիւսօրէն անհամասեռ մտածուած կառոյց մըն է, որուն վրայ կ’աւելնայ շարադրական անբարեկարգութիւնը եւս.
***(1)Ո՞ր պատանին պիտի փափաքի մտնել հայկական գրականութեան եւ մշակոյթի մարզը, եւ (2)նոյնիսկ հաւանաբար իր ենթագիտակիցին մէջ պիտի խորշի մայրենի լեզուէն» (Յարութ Չեքիճեան, «Ազդակ», 3-6-2015):
Այս համադասական բարդ նախադասութեան առաջին բաղադրիչը(1)՝ «Ո՞ր... մարզը», հարցական նախադասութիւն մըն է, մինչ երկրորդը(2)՝ «նոյնիսկ... լեզուէն», ունի պատմողական/հաստատական բնոյթ. միւս կողմէ՝ պատանիին ենթագիտակիցը կը պատկերացնէ:
-- նախ նոյնիսկ -ով, որ բացարձակ ինքնավստահութիւն կ’արտայայտէ,
--ապա հաւանաբար-ով, որ տատամսում, կասկած, շփոթ կ’արտայայտէ:
Լուծումներ՝
---Ո՞ր պատանին պիտի փափաքի մտնել հայկական գրականութեան եւ մշակոյթի մարզը եւ իր ենթագիտակիցին մէջ պիտի չխորշի մայրենի լեզուէն:
---Ո՞ր պատանին պիտի փափաքի մտնել հայկական գրականութեան եւ մշակոյթի մարզը՝ առանց ենթագիտակիցին մէջ խորշելու մայրենի լեզուէն:
* * *
Հետեւեալ անհամասեռութիւնը յատուկ է համբակ շարադրողներուն. ***Մայրը այն նուիրական արարածն է, որ Աստուած զինք իր փոխանորդը նշանակեց («Հասկ», ՁԴ տարի, թիւ 8-9, էջ 665):
Այստեղ քերականօրէն համաեդասուած են՝
--որ յարաբերական դերանունը, որ հայցական է եւ ուղիղ խնդիրը «նշանակեց» բային,
--զինք դերանունը եւս, որ իր կարգին հայցական հոլով ուղիղ խնդիրն է նմանապէս «նշանակեց» բային:
Պարզ է, որ երկրորդը աւելորդ է.
---Մայրը այն նուիրական արարածն է, որ Աստուած իր փոխանորդը նշանակեց:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com