image

ԵՊՀ դասախօսը կը մեղադրուի կաշառք ստանալու մէջ

ԵՊՀ դասախօսը կը մեղադրուի կաշառք ստանալու մէջ

ՀՀ հակափտածութեան կոմիտէէն ներս իրականացուած քրէական վարոյթի նախաքննութեամբ հիմնաւորուած է, որ 2023-ի սեպտեմբեր 3-էն Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժնի Հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչի պաշտօնը զբաղցուցած անձը, իր իշխանական եւ ծառայողական լիազօրութիւննէրն օգտագործելով, ստացած է կաշառք:

Մասնաւորապէս՝ նախաքննութեամբ պարզուած է, որ ուսանողներու ընդունելութեան յանձնաժողովի վրայ ունեցած ազդեցութիւնն օգտագործելու եղանակով, քաղաքացիի օգտին գործողութիւն կատարելու, այն է՝ վերջինիս Երեւանի պետական համալսարան ընդունելութիւնն անխոչընդոտ ապահովելու նպատակով, անոր ազգականէն պահանջած է նախ 5.000 ամերիկեան տոլար, այնուհետեւ սակարկութեան շնորհիւ՝ 4.000 ամերիկեան տոլար կաշառք:

Նախաքննութեան ընթացքին ԵՊՀ ամպիոնի վարիչին մեղադրանք ներկայացուած է խոշոր չափերով կաշառք ստանալու համար: Վերջինիս նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է տնային կալանքը։

Քրէական վարոյթով նախաքննութիւնն աւարտած է: Վարոյթի նիւթերը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած են ՀՀ հակափտածութեան դատարան: