Ատրպէյճանա-Վրացական սահմանին մաքսային անցակէտին վերջին օրերուն բեռնատարներու մեծ կուտակում նկատուած է։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ APA-ի տարածաշրջանային գրասենեակը, վրացական կողմի մէջ՝ Մառնէուլիի ուղղութեամբ, հարիւրաւոր բեռնատարներ կուտակուած են։
Ատրպէյճան-Վրաստան սահմանին գտնուող Կարմիր կամուրջի անցակէտը տարածաշրջանի բեռնափոխադրումներու հիմնական ուղիներէն մէկն է։ Ամէն օր հարիւրաւոր բեռնատարներ կ՚անցնին այդ անցակէտէն։ Վերջին օրերուն անցակէտի վրացական կողմին մէջ բեռնատարներու կուտակում արձանագրուած է։ Բեռնատարները հերթի կանգնած են Վրաստանի տարածքին մէջ։
Սահմանին տիրող իրավիճակը յատկապէս վնասակար է միջազգային բեռնափոխադրումներով զբաղող վարորդներու համար։ Անոնք կ՚ըսեն, որ սահմանին սպասելը լրացուցիչ վտանգներ կը ստեղծէ փոխադրուող բեռի համար, իսկ վարորդներուն համար՝ յաւելեալ ծախսեր։
Ատրպէյճանն ու Վրաստանը յայտարարած են, որ միջոցներ պիտի ձեռնարկեն սահմանին բեռնատարներու կուտակումները վերացնելու համար։