Իսրայէլ Թրամփի վարչակազմին յայտնած է, որ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող օդակայանին վերջերս հասցուած հարուածի նպատակն էր կանխել այդ տարածքին մէջ Թուրքիոյ ռազմական ներկայութեան ընդլայնումը։ Այս մասին գրած է Axios-ը։
Իսրայէլը սկիզբը չէր ստանձնած հարուածի պատասխանատուութիւնը։ Աւելի ուշ Միացեալ Նահանգներու՝ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ հարցերով յատուկ բանագնաց Թոմ Պարաք յայտնած է, որ հարուածը հասցուցած է Իսրայէլը՝ զայն անուանելով «անհարկի սրացում, որ չի նպաստեր տարածաշրջանի կայունութեան»։ Մօտ 20 ժամ ետք Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը պաշտօնապէս հաստատած է, որ հարուածներ հասցուած են Սուրիոյ։
Իսրայէլ հարուածէն առաջ տեղեկացուցած էր Սպիտակ տունը։ Իսրայէլեան կողմը յայտարարած էր, որ հարուածի նպատակն էր կանխել Թուրքիոյ կողմէ օդակայանի արդիական զինատեսակներու մատակարարումը եւ այդ տարածքին մէջ աւելի ընդարձակ ռազմական ենթակառուցուածքի ստեղծումը։
Թուրքիոյ պաշտօնեաներէն մէկը, սակայն, հերքած է այս պնդումները՝ յայտարարելով, որ օդակայանին մէջ թրքական ներկայութիւն չէ եղած, եւ որ Իսրայէլ «պատրուակներ կը յօրինէ դրացի երկիրները հարուածելու եւ տարածաշրջանը ապակայունացնելու համար»։
Axios-ի հաղորդմամբ՝ Միացեալ Նահանգներու որոշ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ կը կարծեն, որ Իսրայէլի գործողութիւններուն վրայ կրնան ազդել նաեւ Հոկտեմբերին նախատեսուած ընտրութիւնները։
Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներու խօսքով՝ Սուրիոյ կառավարութիւնը վերջին ամիսներուն Իսրայէլի նկատմամբ թշնամական քայլեր չէ ձեռնարկած եւ փորձած է հասնիլ սահմանային լարուածութեան նուազեցման ուղղուած նոր անվտանգութեան համաձայնագիրի։
Անոնց խօսքով՝ Սուրիան առաջարկած էր Յորդանանի մէջ ստեղծել Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Սուրիոյ համատեղ համակարգման կեդրոն, որ պէտք է օգնէր նման միջադէպերու կառավարման եւ կանխէր հետագայ սրացումը։ Սակայն, ըստ ամերիկացի պաշտօնեաներէն մէկուն, Իսրայէլ հրաժարած է այս մեխանիզմը գործարկելէ եւ շարունակած է ընդլայնել իր ռազմական ներխուժումները Սուրիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ։
Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները նաեւ յայտնած են, որ Թրամփի վարչակազմը Սուրիոյ իշխանութիւններուն կոչ ըրած է զսպուածութիւն ցուցաբերելու՝ նշելով, որ հարցի կարգաւորմամբ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ զբաղիլ Իսրայէլի ընտրութիւններէն ետք։