image

Պատերազմի հետեւանքով. Ուքրանիան մեծ վնասներ ունի

Պատերազմի հետեւանքով. Ուքրանիան մեծ վնասներ ունի

Այս վերջին պատերազմը ցոյց տուաւ, որ օտար ուժերն ու օտարերկրեայ ռազմակայանները ոչ միայն չկրցան ապահովել անվտանգութիւնը, այլ ընդհակառակը՝ վերածուեցան անվտանգութիւնը խաթարող գործօններու։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի ԱԳ նախարար Ապպաս Արաքչի։

«ԱՄՆ-ի ռազմակայաններ չունեցող երկիրները աւելի քիչ վնասներ կրեցին, մինչդեռ օտարերկրեայ ռազմակայանները չկրցան նոյնիսկ իրենց շահերը պաշտպանել յարձակումներէն։

Իմ կարծիքով՝ այս պատերազմը շատ արդիւնաւէտ էր անվտանգութեան եւ քաղաքական հարցերու նկատմամբ տարածաշրջանային մօտեցումներու, ինչպէս նաեւ Իրանի հետ համակեցութեան ձեւի փոփոխութեան առումով։

Կը կարծեմ, որ տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ աւելի ճշգրիտ եւ ճիշդ ըմբռնում ձեւաւորուած է։

Պարսից ծոցի տարածաշրջանին մէջ անվտանգութիւնը անպայման պէտք է ըլլայ հաւաքական անվտանգութիւն», նշած է ան։