image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ կ՚աշխատի Իսրայէլի, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ հակամարտութիւններու կարգաւորման մեխանիզմ ստեղծելու ուղղութեամբ

ԱՄՆ կ՚աշխատի Իսրայէլի, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ հակամարտութիւններու կարգաւորման մեխանիզմ ստեղծելու ուղղութեամբ

Միացեալ Նահանգները կ՚աշխատի Իսրայէլի, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ հակամարտութիւններու կարգաւորման մեխանիզմ ստեղծելու ուղղութեամբ։ Այս մասին Reuters-ին յայտնած է Սուրիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնաց Թոմ Պարաք՝ Իսրայէլի կողմէ Թուրքիոյ սահմանին գտնուող Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի օդակայանին հասցուած հարուածներէն ետք։ 

Պարաք, որ նաեւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն է, ըսած է, որ Անգարան իսրայէլական հարուածներուն մասին չէ տեղեկացուած, եւ, «հետեւաբար, կրնար ողջամտօրէն պատրաստել իր պատասխանը», երբ տեսած է դէպի իր տարածքի հիւսիս ուղղուող օդանաւը։

«Բարեբախտաբար, սառնասիրտ դատողութիւն ունեցող մարդիկ կրցան կանխել իրավիճակի հետագայ վատթարացումը»,– Reuters-ին տուած հեռախօսային հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Պարաք։

Թուրքիա դատապարտած է Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Ապու ալ-Զուհուրի օդակայանին հասցուած հարուածները։ Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ խստօրէն դատապարտած է յարձակումը։

Պարաք նշած է, որ Իսրայէլի կողմէ սուրիական օդակայանին հասցուած հարուածները «կ՚արտացոլէին այն ընկալումը՝ ճշգրիտ ըլլայ անիկա, թէ ոչ, որ Թուրքիա մօտ ապագային կրնայ ընդլայնել իր ներկայութիւնը այդ օդակայանին մէջ»։

«Այս մէկը կը շեշտէ Իսրայէլի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հակամարտութիւններու կարգաւորման մեխանիզմը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը։ Մենք այդ ուղղութեամբ աշխուժօրէն կ՚աշխատինք՝ ապագային թիւրըմբռնումները կանխելու համար»,– ըսած է պաշտօնեան՝ աւելցնելով, որ այժմ առաջնահերթութիւնը լարուածութեան թուլացումն է։

Հակամարտութիւններու կարգաւորման մեխանիզմը հաղորդակցութեան ուղի է, որ նախատեսուած է ռազմական կամ քաղաքական գործիչներու միջեւ թիւրըմբռնումները կամ պատահական բախումները կանխելու համար։

Թուրքիոյ սահմանէն մօտ 70 քիլոմեթր արեւելք գտնուող օդակայանը 2013-էն ի վեր չի գործեր։ Սուրիական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ օդակայանի թռիչքուղիին եւ պահեստներուն իսրայէլեան օդային հարուածներուն հետեւանքով նիւթական վնաս արձանագրուած է, սակայն տուժածներ չկան։

Սուրիա եւ Իսրայէլ լարուածութեան թուլացման նուիրուած քանի մը քննարկումներ կատարած են այն բանէ ետք, երբ Սուրիոյ ապստամբ ուժերը՝ ներկայ նախագահ Ահմէտ Շարըհի հրամանատարութեամբ, 2024 թուականի Դեկտեմբերին տապալեցին այն ժամանակ երկրի նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը։

Թոմ Պարաք նշած է, որ սուրիական օդակայանին վրայ յարձակման միջադէպը ցոյց կու տայ «այս ջանքերը աշխուժացնելու եւ գործընթացը ընդլայնելու անհրաժեշտութիւնը»։ Դեսպանին խօսքով՝ Միացեալ Նահանգները արդէն իսկ կը նպաստէ կողմերուն միջեւ տեղեկատուութեան փոխանակման եւ երկխօսութեան մեխանիզմի ստեղծման։

Իսրայէլ չէ մեկնաբանած սուրիական օդակայանին հասցուած հարուածները, սակայն յայտարարած է, որ Դամասկոս յայտնուած է Իսրայէլի հետ անվտանգութեան գոյավիճակը խախտելու եզրին՝ թոյլ տալով թրքական զօրքերուն տեղակայուիլ Հալէպի մօտ գտնուող օդակայանին մէջ։