Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց ազգային բարերար Գաբրիէլ Չէմպէրճեանի կողակիցը՝ Բժշկհ. Անժէլ Յարութիւնեան-Չէմպէրճեան։ Հանգուցեալին մահուան մասին «Արեւելք» արձագանգած էր։ Այս տխուր առթիւ Հալէպի Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան Խնամակալութեան կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի, 10 Օգոստոս 2026-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Բժշկհ. Անժէլին հոգւոյն խաղաղութեան համար։
Արարողութենէն ետք, «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած է սուրճի հիւրասիրութիւն եւ ցաւակցութիւններու ընդունելութիւն։
Ստորեւ այդ մասին ներկայացուած լրատւութիւնը՝
Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան ընտանիքը կը սգայ հարազատ, ազգային բարերար Գաբրիէլ Չէմպէրճեանի կողակից` Բժշկհ. Անժէլ Յարութիւնեան-Չէմպէրճեանի մահը։
Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան Խնամակալութեան կազմակերպութեամբ, այսօր՝ Երկուշաբթի, 10 Օգոստոս 2026-ին, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ, Բժշկհ. Անժէլ Յարութիւնեան-Չէմպէրճեանի հոգւոյն խաղաղութեան համար։
Արարողութենէն ետք, միութեան «Փիւնիկ» սրահէն ներս սուրճի հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ եւ ցաւակցութիւններ ընդունուեցան։
Այս տխուր առիթով դամբանական խօսք արտասանուեցաւ Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Տնօրէնութեան եւ Կրթասիրացի մեծ ընտանիքին կողմէ։
Բժշկհ. Անժէլին ներկայութիւնը բոլորին կեանքէն ներս լոյս էր, իսկ բացակայութիւնը՝ անդարմանելի ցաւ։ Ան կատարեց իր երկրային առաքելութիւնը՝ իր ետին ձգելով անջնջելի հետք ու անթառամ յիշատակ։
Բժշկհ. Անժէլը մեր յիշողութեան մէջ կը մնայ որպէս համեստ, ժպտադէմ, աշխատասէր, կեանքով լեցուն եւ ապրող անձնաւորութիւն։
Արժանապատիւ Տէր Գառնիկ Քահանայ Չափանեանի եւ ներկաներուն աղօթքներով կը հայցենք Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը իր ընտանիքին եւ հարազատներուն։
Յարգա՜նք իր բարի ու անմար յիշատակին։ Թող որ ննջէ խաղաղութեամբ։



