image

Արժան եւ իրաւ. Արժանթին դարձաւ Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեան

Արժան եւ իրաւ. Արժանթին դարձաւ  Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեան

18 Դեկտեմբերին, Քաթարի «Լուսէյլ» մարզադաշտին վրայ կայացաւ Աշխարհի 2022 թուականի առաջնութեան եզրափակիչը, որուն իրարու դէմ մրցեցան աշխարհի գործող ախոյեանը` Ֆրանսա եւ Արժանթին:

Արժանթինի ազգային հաւաքականը յետխաղեայ 11-մեթրանոց հարուածաշարին յաղթեց Ֆրանսայի ընտրանիին եւ հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան: Հանդիպման հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 2:2 հաշուով, 1-ական գնդակ ալ խումբերը փոխանակեցին լրացուցիչ ժամանակին:

Արժանթինի հաւաքականը պատմութեան մէջ երրորդ անգամ դարձաւ աշխարհի ախոյեան: Այսպիսի յաջողութեան արժանթինացիները հասած էին նաեւ 1978 եւ 1986 թուականներուն: