image

Արեւմուտքը պատժամիջոցներ կը ծրագրէ Իրանի դէմ, Իսրայէլը՝ յարձակում

Արեւմուտքը պատժամիջոցներ կը ծրագրէ Իրանի դէմ, Իսրայէլը՝ յարձակում

Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու, Յորդանանի եւ այլ երկիրներու հակաօդային պաշտպանութեան շնորհիւ Իրանի յարձակումը չյանգեցուց զգալի վնասներու եւ մահուան Իսրայէլի մէջ, սակայն մեծցուց մեծ պատերազմի վտանգը, գրած է Reuters-ը:

Իսրայէլը Իրանի յարձակման զանգուածային պատասխանէ ետ պահելու համար Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպայի պետութիւնները յայտարարած են Իրանի դէմ տնտեսական եւ քաղաքական պատժամիջոցներն զօրացնելու մասին:

Անոնք կը ծրագրեն սահմանափակող նոր միջոցներ կիրառել Իրանի հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու ծրագրերու դէմ՝ կանխելու Իրանի դաշնակիցներու օդային հարուածները Լիբանանի հետ սահմանակից Եմէնէն կամ Իրաքէն:

Իսրայէլեան The Jerusalem Post պարբերականն ալ, յղում ընելով սեփական աղբիւրներուն, յայտնած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը արդէն որոշած է, թէ ինչպէս պիտի արձագանգէ Իրանի յարձակման։ Միաժամանակ չի նշուիր, թէ ինչպիսի պատասխան նախատեսուած է եւ երբ: Կ՚ենթադրուի, որ պիտի ըլլան հարուածներ իրանեան միջուկային կառոյցներուն, հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու արձակման վայրերուն, ինչպէս նաեւ որոշ անձանց սպանութիւններ:

Աղբիւրի համաձայն՝ Իսրայէլի ղեկավարութիւնը այսօր ալ, ինչպէս նախապէս կ՚ուզէ մեղմել պատասխանը, որ խուսափի հակամարտութիւնը տարածաշրջանային մեծ պատերազմի վերածելէ: