Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի իշխանութիւններու հանդիպումները ոչինչ տուին, թէեւ, թերեւս, գեղեցիկ խօսքեր կ'ըսեն, գեղեցիկ խոստումներ կու տան, կը խօսին ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու մասին, կրնան անգամ մարդասիրական օգնութիւն խոստանալ։ Այս մասին NEWS.am -ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է քաղաքագէտ Արթուր Խաչիկեանը։
Ան յորդորեց պատասխանել հարցին՝ պատրա՞ստ է արդեօք Արեւմուտքը երաշխաւորել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան անձեռնմխելիութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը։
«Ես այս հարցի պատասխանը չեմ լսել Արեւմուտքից։ Ռազմական օգնութեան կամ ֆինանսական օգնութեան մասին ոչինչ չի ասւում, որը մեզ թոյլ կը տայ զէնք ձեռք բերել»,- ընդգծած է փորձագէտը։
Խաչիկեան մտահոգութիւն յայտնած է, որ Հայաստանի իշխող ուժը, ըլլալով անփորձ ու միամիտ, կրմայ գեղեցիկ խօսքերուն հաւատալ ու մեծ սխալներ թոյլ տալ, եւ, ինչպէս միշտ, սահմանի մեր 20-ամեայ տղաները վճարեն ատոր գինը։
Անոր խօսքով, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Եւրոպայի մէջ սկսած է ամենամեծ պատերազմը, բացայայտ կը խոսուի միջուկային զէնքի կիրառման սպառնալիքի մասին, որ չկար նոյնիսկ Քարիպեան ճգնաժամի ժամանակ։ Աշխարհը բաժնուած է երկու մասի, մահացու պատերազմ է Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ։
«Հետեւաբար հարց է առաջանում, դէպի Արեւմուտք կատարած ուղեւորութիւննեով, ի՞նչ ազդանշաններ են ուղարկում Հայաստանի իշխանութիւնները դէպի Ռուսաստան։
Ռուսաստանից եւ ՀԱՊԿ-ից դժգոհութիւնը հասկանալի է, սակայն այդ ուղղութեամբ պէտք է աշխատել։ Մենք պատրա՞ստ ենք թշնամանքի Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ. Մոսկուան շատ հեշտութեամբ կարող է մեզ պատժել սրա համար՝ կէս քայլ ետ գնալով եւ թուրքերին թոյլ տալով գրաւել Սիւնիքը։
Հայ հասարակութեան մի մասի գլխում այն միտքն է, որ վաղը պատրաստ են մեզ ընդունել ՆԱԹՕ-ի կազմում:
Եթէ Արեւմուտքը պատրաստ է աջակցել եւ պաշտպանել մեզ իր դաշնակիցը հանդիսացող Թուրքիայից, ապա ես պատրաստ եմ ընդունել, որ սխալ էի։ Սակայն դա տեղի չի ունենայ, նրանք նոյնիսկ պատժամիջոցներ չեն կիրառել Թուրքիայի նկատմամբ»,- ըսած է Խաչիկեան։
Եւրոյանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տէր Լաէնը, որ կը դատապարտէ էթնիկ զտումները եւ կը խօսի մարդու իրաւունքներու մասին, մեկնած է Պաքու եւ բացայայտ ըսած, որ Ատրպէյճանը ԵՄ-ի համար կարեւոր գործընկեր է։
«Արեւմուտքը պատրաստ է մեզ խաբել գեղեցիկ խօսքերով, փչացնել մեր յարաբերութիւնները Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ, եւ այդ ժամանակ մեզ ռուսները կը պատժեն։ Հայաստանի իշխանութիւնները կարծում են, որ կարող են խաղալ նոյն խաղը, ինչ խաղում են Արեւմուտքի հետ։ Բայց մենք նրանց առաջարկելու բան չունենք»,- եզրափակած է ան։