image

Արեւմտահայաստանն ու Նեւրիկը (6). Անի

Արեւմտահայաստանն ու Նեւրիկը (6). Անի

Անի 

  «Նորից ինչպէս  ուխտաւոր 

  Ծունկ եմ իջել քո շեմին 

  Ու նայում եմ լուռ ցաւով 

  Աւերակուած քո դէմքին:

 

  Խեղուած  դէմքով  էլ դարձեալ ,

  Վեհաշուք ես դու մնում

  Ու քեզնով ես հիացած

  Փառքիդ օրերն եմ յիշում»:

   Այս քաղցրահնչիւն  երգը՝ բանուած Գարիկ Բանդուրեանի խօսքերով եւ Ալեքսէյ Հէքիմեանի երաժշտութեամբ, ճշգրիտ  նկարագրականն է այժմու Անի քաղաքին իրավիճակին եւ ուխտաւորի մը ապրումներուն...: 

   Մեզի կը դիմաւորէ հրաշակերտ Անին՝ իր հզօր, լայնանիստ ու բարձր պարիսպներով: Պարիսպին զոյգ գիծերը կառուցուած են տասներորդ դարուն, երբ Անին ճանչցուած էր, իբրեւ համահայկական մայրաքաղաք: Առաջին գիծը կառուցուած է Բագրատունի Աշոտ Ողորմածին ձեռամբ, իսկ երկրորդը, անոր որդւոյն՝ Սմբատ Տիեզերակալին: Փառահեղ պարիսպները զարդարուած են Բագրատունիներու դրօշին քանդակներով: Անհամբեր ներս կը փութամ գլխաւոր դարպասին շքեղ մուտքէն եւ յանկարծ դէմ յանդիման կը գտնուիմ անսպասելիօրէն ցաւոտ ու արտաքին փառքը հակասող պատկերի մը հետ: Ափսոսանքով ու խոր կսկիծով կը դիտեմ երբեմնի Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաքը, ճարտարարուեստի, մշակոյթի, արհեստներու ու գիտութեան կեդրոնը: Այն, որ բարգաւաճ քաղաքի մը անհրաժեշտ ենթակառոյցները կը պարփակէր, ահա վերածուած է աւերակ աշխարհի մը, ուր միայն ուրուականներ կրնան դեգերիլ...: Փառաւոր ու հզօր անցեալի մը վկաներն են միջնաբերդին մնացորդները, բազմաթիւ կիսափուլ տաճարները, քանդուած եկեղեցիները եւ տձեւ փլատակները:

   Օգոստոսի խանձող արեւին հետ կը քալեմ քարակոյտերու թաղերով...: Թէեւ հեւասպառ եմ ու վշտաբեկ, բայց կ'ուզեմ ամէն մէկ եկեղեցւոյ կամարին տակ աղօթք մը մրմնջալ: Անիի մայր տաճարը՝ կաթողիկոսանիստ, հիասքանչ  կառոյցը, որ կը համարուէր համաշխարհային ճարտարարուեստի հրաշալիքներէն մէկը, այսօր դատարկուած  է իր կրօնական առաքելութենէն: Հոս եկեղեցի մը, որուն կողին մեծ մասը հատուած է ինչպէս՝ սրահար Քրիստոսի կողը. անդին՝ եկեղեցի մը, որ գմբէթ չունի. ո՞ւր տեղադրել փուշէ պսակը...: Անպատասխան մնացած հարցումներուս շարքը կ'երկարի...: Ո՞ւր են հրաշակերտ զանգակատուները, ղօղանջող կոչնակները, սրբատաշ  խաչքարերը, առաքեալներուն որմաքանդակները...: Ինչո՞ւ շարականներ չեն հնչեր, բուրվառները  չեն խնկարկեր եւ  հաւատացեալներուն հաղորդութիւն ու նշխար չեն բաժներ: Աւա՜ղ, չքնա՛ղ Անի, յաճախ թիրախ դարձած ես բարբարոսներու արշաւանքներուն եւ այսօր, դո՛ւն, որ  հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաքն ես, կը գտնուիս, ո՛չ Քրիստոնեայ տարածքի մը մէջ...: Հաստատ գիտեմ, որ աջիդ նստած Ախուրեան գետը արցունքի ծովդ է, իսկ սահմանիդ  քեզի սպասող քոյրդ՝ կարօտակէզ  Հայաստանն է: Դուն յաւերժ ներկայութիւն ես համայն հայութեան սիրտերուն մէջ եւ շրթունքներուն վրայ: Քու անունդ կը հնչէ Հայ օճախներէն ներս եւ ամէնուրեք...: Դուն մա՛յր ես, քո՛յր ես, սրտակից ընկերուհի՛ ես, անբաժան ներկայութի՛ւն ես...: 

   Սիրելի Նեւրիկ, հասանք մեր ուղեւորութեան աւարտին, որուն ընթացքին ես քալեցի քու կօշիկներովդ, շալկեցի որովայնդ, խոցուեցայ վէրքերովդ...: Ամէն մէկ                                հարստահարուած  եկեղեցւոյ մէջ, կեղեքուած վանքի մը մէջ, սրբապղծուած երեւոյթի մը մէջ ես քեզ տեսայ ու Գողգոթադ  ապրեցայ...: Ժամանակն է, որ բաժնուինք իրարմէ...: Դուն այլեւս դահիճիդ գերին չես: Սեւ քօղերով չես ծածկուիր, նամազի գորգերուն վրայ պարտադրաբար  չես ծնրադրեր...: Հանգչէ՛ եթերային խաղաղութեան մէջ եւ թող երկնային աստղերը լուսաւորեն անմար  յիշատակդ: 

 

Յ.Գ.  Այսօր՝ ութ տարի ետք, կը պատմեմ Կիլիկիա եւ Պատմական Հայաստան այցելութեանս մանրամասնութիւնները: Կրնամ հաստատել, թէ այս ուղեւորութեան մէջ  շատ ցաւ, յուզում, զզուանք եւ ընդվզում կար, բայց նաեւ՝ անսահմա՜ն բաւականութիւն...:

 

Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան

 

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...