image

Արեւմտահայաստանն ու Նեւրիկը (5). Արարատ եւ Կարս

Արեւմտահայաստանն ու Նեւրիկը (5). Արարատ եւ Կարս

Արարատ

   Գնա՛ս բարով, ա՛յ ուխտաւոր 

   Երանի քեզ, Հա՛յ ուխտաւոր,

   Որ կարօտով ու սիրառատ

   Ուխտ ես գնում դէպ Այրարատ:

                   Յովհաննէս Թումանեան:

 

    Ճամբան երկարեցա՜ւ ու երկարեցա՜ւ…: Անհամբեր կը սպասէի սուրբ լերան  յայտնութեան: Արարատը տեսնելու ցանկութիւնս կը նմանէր անապատին մէջ ջրառատ ովասիսի մը հանդիպելու տենչանքին: 

   Վերջապէ՜ս...: Չէի կրնար հաւատալ, որ այդքան մօտիկ էի Արարատին...: Կարծես, մագնիսական հոսանքներ ու փշաքաղող ալիքներ պատած էին մարմինս: Սիրտս այնքան արագ կը տրոփէր ու շնչառութիւնս կուրծքս կը խեղդէր...: Դիմացս պարզուած պատկերը՝ ձախին բարձր գագաթը, ապա փոքրը՝ ամրօրէն խարսխուեցաւ միտքիս մէջ: Զարմանալի էր, որ «Երկու օրուան» Արարատը կրցաւ շրջել տարիներով ճանչցած Արարատիս պատկերը: Արդեօ՞ք իբրեւ սփիւռքահայ աւելի համակուած ու հարազատ զգացի վայրին, անարդարութեան զոհ գացած եւ օտարութեան մէջ որբացած ճակատագիրին, թէ՝ ընդահանրապէս հեռաւորը աւելի խորհրդաւոր է ու հմայի՞չ...:

  «Առաւօտ լուսոյ, 

  Արեգակն արդար, 

  Առ իս լոյս ծագեա»։

                    Ներսէս Շնորհալի

    Արեւուն առաջին շողերուն հետ ինքզինքս պատշգամ նետեցի դիմաւորելու Արարատը: Կախարդական պատկերին դիմաց հմայուած՝ անշարժացած էի...: Յիրաւի է Գրիգոր Նարեկացիին անուանումը. «Մեծութեան կշռորդ»: Նոյնպէս յիշեցի այլ բանաստեղծներու որակումները.  «Մեծավայելուչ թագաւոր», «Անխաբ վկայ», «Արձան պարծանաց», «Քաջաց ոգիներու դիցարան»...: Որքա՜ն հակասական ու աղքատիկ է այսօրուան թրքական անուանումը՝ «Աղրի Տաղի» (ցաւի լեռ): 

Աղօթեցի առ Աստուած, որ այս հրաշափառ գեղեցկութիւնը վերադառնայ ՏՈՒՆ:

  «Սեղանն է առատ դիմացն Արարատ հնչում են երգեր ուրախ ու զուարթ...»: Այս երգով Խմբուեցանք պանդոկին կանաչապատ շրջափակին մէջ: Աստղազարդ գիշերն ու արծաթափայլ լուսինը յաւելեալ խորհրդաւորութիւն պարգեւած էին վայրին: Մեր դէմքերը յառած Արարատին, երգեցինք բազմաթիւ երգեր, երգեցինք սէ՜ր ու ցա՜ւ...: Անմոռանալի գիշեր մը անցուցինք, որուն քաղցր տպաւորութիւնները կ'ապրինք մինչեւ օրս: 

      Յաջորդ առաւօտ վերջին ակնարկ մը նետեցի վեհանիստ գոյութեան ու հանրակառք բարձրացայ: Ներշնչուած Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութենէն, ըսի. «Ե՛ս ալ նայեցայ սէգ կատարին ու անցայ»:

 

Կարս

   «Ինչքան որ հուր կայ իմ սրտում, բոլորը՜ քե՛զ,

   Ինչքան կրակ ու վառ խնդում, բոլորը՜ քե՛զ...»:

                                                            Եղիշէ Չարենց

   Կարս անունը միտքիս մէջ կը զուգորդուի հանճարեղ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցին ծննդավայրին հետ: Անոր լքուած ու աւերուած տունը օրինակ մըն է այլ խլուած ու որբացած տուներէն: Կարս՝ հարազատ  քաղաք, ծանօթ իր պատմական վերիվայրումներով,  յաղթանակներու եւ յուսախաբութիւններու քաղաք...:

     Կարսի Ս. Առաքելոց եկեղեցին, հրաշալի կառոյց մըն է, որ ցաւօք միւսներուն նման այս ալ մզկիթի վերածուած է, մինչ իր ճարտարապետական կերտուածքը հայկականութիւն «կը պոռայ»: Անունը փոխած են Գիւմբէթ Մոսքի( Գմբէթ մզկիթ): Զայրացած՝ ես ինծի հարց կու տամ. արդեօք մզկիթները ե՞րբ գմբէթներ ունեցած են, իսկ Սելճուք, Մոնկոլ-Թաթարներէն սերածները՝ ճարտարարուեստ: Անունները փոխելու մէջ անգամ անկարող են: Պատմական անուններն ու  իրականութիւնները խեղաթիւրելն անգամ «շնորհք» կը պահանջէ...: Յուսախաբութեամբ իմացանք, որ եկեղեցւոյ դարպասը փակ էր: Երկաթեայ ճաղերուն արանքէն բջիջայինս ներս սպրդեցի  եւ բարեբախտաբար ստացած նկարս բաւական յստակ դուրս եկաւ: Անխաչ, անխորան ու անհոգի տարածք մը, իսկ յատակը՝ ծայրէ ծայր ծածկուած էր հնամաշ, գունաթափ եւ կարմիր նամազի  գորգերով: Վրդովմունքս բառերու մէջ դնելը անկարելի էր...։ Կարծես մէկը այդ փոշոտ գորգերով կը ճնշէր դէմքիս ու կը փորձէր զիս խեղդել: 

  Կրկին ինծի հետ սկսաւ խօսիլ Նեւրիկը. «Ինչպէ՞ս կարելի էր իբրեւ ամուսին ընդունիլ զիս առեւանգողը, ինքնութիւնս կեղեքողը եւ ինծի կրօնափոխութիւն պարտադրողը: Ինչպէ՞ս կարելի էր ամէն գիշեր նոյնանալ սրբութիւններս պղծողին հետ եւ մէկ երդիքի տակ մարմին ու հոգի կիսել…»։

  Դիմացս Կարսի բերդն է՝ խրոխտ, բարձրաբերձ ու անառիկ: Բագրատունիներու օրով եւ ձեռամբ կառուցուած այս դարաւոր կառոյցը ոչինչ  կրնայ խախտել, որուն համար օգտագործուած են հրաբխային քարեր՝ պազալթներ: Դժբախտաբար, այսօր այս բերդը եւս կը նպաստէ Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան մարզին աշխուժացման : 

  Կը լքեմ Կարսը՝ Չարենցի սրտայոյզ տողերով.

  «Թողած Կարսում, գետի ափին, տունս՝ շինուած անտաշ քարով,

  Կարսը թողած, Կարսի այգին ու հայրենի երկինքը մով...»:

 

Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...